Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

«Այստեղ Ձեզ Կը Դիմաւորեն Ոչ Թէ Մահակներով, Այլ Ձմերուկներով»․ Թուրք Ճանապարհորդները` Հայաստան Այցի Մասին

Թուրք ճանապարհորդներ Ազիզ Քիւչուքն ու Միյասէ Փելին Թունչը թրքական gazeteduvar.com.tr կայքի իրենց սիւնակին մէջ կիսուած են դէպի Հայաստան իրենց ուղեւորութեան մասին տպաւորութիւններով:

Թուրք երիտասարդները նշած են, թէ Թուրքիոյ իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ կ’այցելէ Հայաստան, պիտի համոզուի, որ հայերը զինք պիտի դիմաւորեն «ոչ թէ թշնամութեամբ ու մահակներով, այլ ձմերուկներով»:

Ազիզ անունով թուրք ճանապարհորդը հաճելիօրէն տպաւորուած է հայ մաքսաւորի «ազիզ ջան»-ով սկսող ողջոյնը, որմէ ետք ան հասկցած է` եկած են «ջաներու» երկիր:

Թուրքիայէն ժամանած ճանապարհորդները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու:

«Իր հանգստութեամբ, երաժշտութեամբ ու անմար կրակով շատ ազդեցիկ վայր մըն է»,- կը նշեն յօդուածին հեղինակները, որոնց ուշադրութիւնը յատկապէս գրաւած է յուշահամալիրի մէջ չորցած ծաղիկները հաւաքող ու զբօսաշրջիկներու դրամական օգնութիւնները մերժող ծեր տատիկը:

Թուրք զբօսաշրջիկները այցելած են նաեւ Ֆիւմրի, Էջմիածին, Սեւան, Եղէգնաձոր, Դիլիջան, Քաջարան ու այլ վայրեր` ամբողջ ճանապարհը անցնելով միայն հեծանիւներով ու գիշերելով վրաններու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին