«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – ՆՈՐ ՕՐ կը շնորհաւորէ ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Պրն. Նորայր Տատուրեանը, որ արժանացած է Հայաստանի Սփիւռքի եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւններուն կողմէ սահմանուած մրցանակներու։ Ստորեւ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Տատուրեանին հետ Լուսինէ Աբրահամեանին կողմէ կատարուած հարցազրոյցը, որ լոյս տեսած է Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն Այսօր» կայքէջին մէջ։
– Պարոն Տատուրեան, վերջերս դուք հայապահպանութեան, մանկավարժական գործունէութեան համար արժանացած էք ՀՀ Սփիւռքի ու Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու մրցանակներուն: Կը շնորհաւորեմ մրցանակներու կապակցութեամբ: Ի՞նչ է ձեզի համար նման պարգեւներու արժանանալը:
– Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ զոյգ նախարարութիւններուն, անոնց պատասխանատուներուն եւ պաշտօնեաներուն: Գիտեմ, թէ անոնք ուշադրութեամբ կը հետեւին սփիւռքահայ ուսուցիչներու կատարած գործին: Աւելին, գեղեցիկ է տեսնել, թէ անոնք կը գնահատեն այդ աշխատանքը:
Հայերս սփիւռքի մէջ ստեղծած ենք քառակուսի Հայաստան մը, որուն անկիւններն են դպրոցը, մամուլը, եկեղեցին եւ անշուշտ տունը: Ինծի համար, Հայաստանի հետ կապը, այդ կտոր մը տարածութենէն դուրս՝ աշխատելու եւ ստեղծելու անսահման հնարաւորութիւններ կը խոստանայ: Պարգեւատրութիւնը կը յիշեցնէ, թէ սփիւռքահայ ուսուցիչի աշխարհը իր համայնքով սահմանափակուած չէ, այլ կայ Հայաստան աշխարհը եւ անոր պետականութիւնը: Պէտք է որ ըսեմ, թէ զոյգ մրցանակները ազգային պատկանելիութեան եւ հպարտութեան մեծ ալիք ստեղծեցին աշակերտներուս մօտ: Անոնք դասարանիս մէջ շրջանակուած այս մրցանակներուն վրայ երբ տեսան զինանշանը եւ պաշտօնական անունները, երկիւղածութեամբ եւ խոր ակնածանքով կանգ առին անոնց առջեւ, հիացումով դիտեցին ու ներշնչուեցան:
– Ըլլալ հայերէնի ուսուցիչ Սփիւռքի մէջ. ի՞նչ կը նշանակէ այն այսօր, ի՞նչ առաքելութիւն ունի, ի՞նչ մարտահրաւէրներու ստիպուած է դիմակայել, յատկապէս Ամերիկայի մէջ, ուր տարիէ տարի հայախօսներու թիւը կը նուազի:
– Ինծի իրաւունք տուէք, այս հարցին շուրջ խօսիլ հայոց լեզուի եւ գրականութեան սփիւռքահայ բոլոր ուսուցիչներուն անունով: Այս ասպարէզը բոլորիս համար կոչում է եւ հպարտութիւն, նաեւ՝ պատասխանատուութիւն: Մեր առաքելութիւնն է հայկական լեզուական եւ գրական ժառանգը փոխանցել նոր սերունդին, եւ ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր աշակերտը, լաւագոյն պարագային, կարենայ ստեղծել նորերը,– նոր երգի խօսքեր, ժամանակակից քառեակ մը, կամ իր առօրեայ իրականութիւնները ներկայացնող պատմուածք մը: Իսկ մեր աշխատանքին մէջ կարեւորագոյնը հայորդիներուն կապել հայրենիքին, զգալ Հայաստանի հետ, ծանօթ ըլլալ անոր նորօրեայ խնդիրներուն եւ դառնալ գործօն հեռաքաղաքացի: Հայաստանի ներկան եւ անոր խոստումները այժմ այնքա՛ն հրապուրիչ են, որ մեր աշակերտները գրաւուած են այդ ամէնով: Հայաստանի ամէն զարգացում եւ յաջողութիւն՝ քաղաքական, տնտեսական (հայկական գինին եւ այլ արտադրութիւններ միջազգային շուկաներու մէջ, անուանի նոր հիւրանոցի բացում Հայաստանի մէջ), մշակութային (Եւրոտեսիլ), մարզական (Ողիմպիական խաղեր, ֆութպոլ) եւ արհեստագիտական (Տաթեւի ճոպանուղին, ԹՈՒՄՕ), մեր բոլոր մատրահրաւէրները կը չէզոքացնեն: Տեսանելի է, թէ աշակերտները այդ բոլոր ձեռքբերումերուն մասնակից կամ բաժնեկից ըլլալու համար առիթներ կ՚որոնեն: Ահա, թէ ինչո՛ւ շատ խանդավառ եւ յաջող կ՚անցնին ամէն Ուրբաթ օր «Այժմէական լուրեր Հայաստանէն» դասը, ինչպէս նաեւ մեր 11-րդ դասարանցիներու ամենամեայ ճանաչողական պտոյտը դէպի հայրենիք:
Դասարանէն ներս առաւելաբար, բառապաշարի կառուցումի եւ պահպանումի համար լաւագոյն արդիւնքը, մեր պարագային, հայկական երգարուեստն ու պոեզիան է: Աշակերտներս ամէն շաբաթ երգ մը եւ բանաստեղծութիւն մը անգիր կը սորվին: Տարեվերջին այդ բոլորը ծնողներուն կը ներկայացնեն, որպէս գրական-երաժշտական երեկոյ, որուն խորագիրն է «Պտոյտ մը հայկական քնարերգութեան մէջ»:
– Սփիւռքի մէջ այսօր մտահոգիչ է հայկական դպրոցներու վիճակը: Կը փակուին կրթօճախներ, շատ դպրոցներու մէջ կը նուազի աշակերտներու թիւը: Ապրելով Սփիւռքի մէջ եւ ըլլալով հայերէնի ուսուցիչ՝ ո՞ւր թաքնուած է այս ամէնուն պատճառը, ի՞նչ պէտք է ընել խուսափելու այդ ամէնէն:
– Անխուսափելի է այն տպաւորութիւնը, թէ ամերիկեանը, եւրոպականը (արեւմտեանը) կը ներկայացնէ նորը, նորարարականը, մինչ հայկականը՝ հինը: Ելք կայ: Ան թաքնուած է արհեստագիտութեան մէջ: Երբ հայկական վարժարանները ունենան նորագոյնը (համակարգիչ, տեղեկատուական եւ համացանցային նորութիւններ, թուային արհեստագիտութիւններ, մինչեւ՝ դասարաններու եւ վարժարանի շինարարական լուծումները) համոզուած եմ, թէ կը դառնանք մրցունակ եւ նախանձելի: Ամերիկեան ափերուն անուրանալի է նաեւ մարզական կեանքը դպրոցներէն ներս: Ժողովրդական է ա՛յն վարժարանը, որ ունի պասքէթպոլի յաջող եւ ախոյեան խումբ: Սա ամերիկեան իրականութիւն է: Ամէն գաղութ, վստահ եմ, թէ ունի իր տարբերակը: Բայց, հայերէնի եւ հայկական ինքնութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը եւ նախապատուութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ աշակերտը հայոց հնագոյն պատմութեան ծանօթանայ: Պատանին կը զարմանայ եւ կը հպարտանայ տեսնելով, թէ որքա՛ն խոր են իր արմատները եւ իր պատմութիւնը սահմանուած չէ իր գաղութի տարիքի, կամ՝ մեծ հօր (մեծ մօր) Ցեղասպանութենէն վերապրումի պատմութեան հետ: Ահա, թէ ինչո՛ւ դասարանէն ներս յատուկ կարեւորութեան կ՚արժանանայ հայկական արուեստի եւ ճարտարապետութեան պատմութիւնը: (Այդ պահանջը գոհացնելու համար այս տարի մասնակցած եմ ՀԲԸՄ-ի AVC համացանցային համալսարանի երկու դասընթացքի. «Պատմութիւն հայկական ճարտարապետութեան» I եւ II, ու ստացած եմ համապատասխան վկայականներ)։
– Տարիներէ իվեր «Ակօս» եւ «Ասպարէզ» պարբերականներուն մէջ լոյս կը տեսնէ ձեր «Բառերու խորհրդաւոր աշխարհը» յօդուածաշարը: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ այն:
– Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ վեց տարի առաջ մեկնարկեցի այդ յօդուածաշարքը: Իսկ քաղաքիս մէջ նախ «Նոր Օր» շաբաթաթերթը, ապա «Ասպարէզ»ը սկսան արտատպել զանոնք: Կը տեսնեմ, թէ յունահայ եւ լիբանանահայ մամուլին մէջ ալ լոյս տեսած են առանձին յօդուածներ:
Ճամբորդել շատ կը սիրեմ: Շատ կը սիրեմ նաեւ հնագիտութիւնը: Դժբախտաբար երկուքն ալ անմատչելի են ինծի համար: Յօդուածաշարքը ինծի առիթ կու տայ մեր անցեալի մէջ պեղումներ ընելու: Այո, կը սիրեմ բառեր, դարձուածքներ, բառարմատներ, գրական հնագոյն բեկորներ պեղել, ապա անոնց մասին հէքիաթներ պատմել:
– Դուք նաեւ կը զբաղիք թարգմանչական աշխատանքով: Այս պահուն յունարէն կը թարգմանէք հայերէն բանաստեղծութիւններ: Ի՞նչ է ձեզի համար թարգմանչական աշխատանքը:
– Թարգմանական գրականութիւնը որեւէ լեզուի համար նոր արիւն է, կենսատու աւիշ: Կասկած չունիմ, թէ այն կը բերէ մտածողութեան նոր մօտեցումներ, արտայայտութիւններու նոր պաշար եւ պատճառ կ՚ըլլայ նաեւ, որ բարդ եւ ածանցաւոր նոր բառեր ստեղծուին: Ասոնք՝ լեզուական մակարդակի վրայ: Թարգմանութիւնը նաեւ երկու ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւն է, զիրար ճանչնալու, հասկնալու միջոց: Հայկական գրականութեան, մանաւանդ ժամանակակից գրականութեան յունարէն թարգմանութիւնը մեր աշխարհահայեացքը, երկրին եւ ժողովուրդին ներկայ խնդիրները դրացի ժողովուրդին ներկայացնելու միջոց է: Ես նախընտրած եմ պոլսահայ եւ հայաստանեան ժամանակակից բանաստեղծութիւններու երկու փունջ թարգմանել: Առաջին խումբին մէջ կան համամարդկային թեմայով բանաստեղծութիւններ,– մեծ քաղաքը (Պոլիսը) եւ անոր «հասարակ» բնակիչները: Այդ խմբակը ըմբռնելի է յունական որեւէ մեծ քաղաքի, անշուշտ եւ մայրաքաղաք Աթէնքի բնակիչի մը համար: Երկրորդ խումբ բանաստեղծութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան ձայնն է: Ընտրած եմ բանաստեղծութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն երկրի երկունքի ցաւերն ու երազները: Փոխադարձաբար, անհրաժեշտ կը նկատեմ նաեւ յունական բանաստեղծութեան հայերէն թարգմանութիւնը, որպէսզի մենք բարձր գրականութեան շնորհիւ ծանօթանանք այդ ժողովուրդի ներկայ պայքարներուն եւ ապագայ երազներուն:
– Տեղեակ եմ, որ ունիք հարուստ գրադարան: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ յատկապէս հայկական գիրքեր հաւաքելու ձեր մղումը: Արդեօ՞ք այլ նախասիրութիւններ ունիք։
Ըլլալ հայերէնի ուսուցիչ եւ չունենալ հայկական գիրքերու հաւաքածոյ՝ ինծի համար աներեւակայելի է: Ունիմ 4-5 հազար հայկական գիրք: Ունիմ նաեւ յունարէն, թրքերէն եւ անգլերէն գիրքեր, որոնց թիւը մօտաւորապէս 1000 է: Հայկականներուն մէկ մասը հնատիպ գիրքեր են (1650-1850): Ունիմ նաեւ հայկական ձեռագրեր եւ հայատառ-թրքերէն գիրքեր:
Ինծի համար անհրաժեշտ է, անշուշտ, գրական ժառանգութիւնը: Դանիէլ Վարուժանի, Ծերենցի (Յովսէփ Շիշմանեան), Սրբուհի Տիւսաբի, Պերճ Պռօշեանի, Վահան Տէրեանի, Խրիմեան Հայրիկի, Զապէլ Եսայեանի եւ Վահան Թէքէեանի առաջին տպագրութիւնները գրադարանիս բիբերն են: Առատօրէն կը հաւաքեմ եւ կ՚ընթերցեմ նաեւ Հայաստանի մէջ հրատարակուած ժամանակակից գրականութիւնը: Բախտաւորութիւնը ունիմ հայկական գաւառներու մէջ (Նիկոմեդիա, Զմիւռնիա, Սամսոն, Տրապիզոն, Վան, Մերզիֆոն, Կիրասոն, Ատաբազար) հրատարակուած գիրքեր հաւաքած ըլլալու: Հազուագիւտ գիրքերու մատենագիտական տուեալները կանոնաւորապէս կը փոխանցեմ Ազգային գրադարանին: Իսկ այն գիրքերը (նաեւ նամակներ, լուսանկարներ, օրատետրեր), որոնք առընչութիւն ունէին Հայոց Ցեղասպանութեան հետ, հաւաքաբար նուիրած եմ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:
Իսկ ամրան ամիսներուն, որպէս ուղեկցորդ, Հայաստան եւ Արցախ խումբեր կը բերեմ: Ճանաչողական այս պտոյտները հայկական գեղարուեստի, ճարտարապետութեան պատմութեան, պոեզիայի եւ հոգեւոր երգարուեստի ուղղութիւններ ունին:
Զրոյցի աւարտին, կ՚ուզեմ կրկին շնորհակալութիւն յայտնել ձեր եւ պետութեան ուշադրութեան համար: Ես կը պատկանիմ լաւատես այն խումբին, որ կը հաւատայ, թէ մտած ենք «Հայկական դարաշրջան»: Այդ համոզումով պէտք է յամառօրէն աշխատիլ եւ սերունդներ պատրաստել:
(Որոշ յապաւումներով)
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ