Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ Ի ՊԱՏԻՒ ԹՄՄ-Ի ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԷՆ ՃՈՐՃ ՄԱՆՏՈՍԵԱՆԻ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Շաբաթ, 28 Յուլիս 2018-ին, Ալթատինայի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ, Ճորճ Մանտոսեանի հարազատներէն եւ ԹՄՄ-ի միութենական շրջանակէն ընտրանիի մը ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ ԹՄՄ-ի երկարամեայ ղեկավարներէն, Միութեան կալուածոց լիազօր ներկայացուցիչ, ՌԱԿ-ի, Հայց.  Առաքելական Եկեղեցւոյ, ՀԲԸ Միութեան, ինչպէս նաեւ Մոնթէպելլոյի Սրբոց Նահատակաց յուշարձանի հիմնադիրներէն՝ Ճորճ Մանտոսեանի ի պատիւ մեծարանքի երեկոյ մը, Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի Խնամակալ մարմինին մատուցած երեսուն տարիներու ծառայութեան առիթով:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր կեդրոնի այժմու Խնամակալութեան կողմէ:

Այդ գիշեր իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ երէց կղերականներէն Դոկտ. Զաւէն Աւագ քահանայ Արզումանեան, Թէքէեանի ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ԹՄՄ-ի տեղւոյս պատասխանատուներ, ղեկավարներ եւայլն:

***

Պատմութեան համար յիշենք, թէ 30-35 տարիներ առաջ, խումբ մը ռամկավարներ, Միջին Արեւելքէն Լոս Անճելըս հաստատուեցան: Անոնք, գլխաւորութեամբ ընկերներ Երուանդ Եթենէքեանի, Փայլակ Ահարոնեանի եւ Խաչիկ Ճանոյեանի հիմը դրին ԹՄՄ-ի Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղին: Կազմեցին մեր մասնաճիւղի վարչութիւնը, ատենապետութեամբ Ընկ. Երուանդ Եթենէքեանի: Սոյն մասնաճիւղը հանդիսացաւ ոչ միայն Թէքէեանի, այլ նաեւ՝ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան շրջանակի բաբախուն սիրտը, մէկ-երկու տարիներու ընթացքին աշխոյժ գործունէութիւն կազմակերպելով: Այս վարչութեան անդամները մօտեցան եւ համոզեցին բարերար Վահան եւ Նարդուհի Պէշկէօթիւրեան ամոլը, որ երիտասարդական-մշակութային նման կեդրոն մը կառուցեն: Շէնքը կառուցողը եղաւ մեր երիտասարդ ընկերներէն Վարդան Նազիրեան: Կեդրոնը ունեցաւ իր Խնամակալ մարմինը, գլխաւորութեամբ Ընկ. Աւետիս Մանուկեանի, որ 20 տարի ղեկավարեց այդ շէնքը: Այդ Խնամակալ մարմինը գտաւ հեռաձայնի ընկերութիւններ, անոնց վարձել տալով շէնքին տանիքը: Խնամակալ մարմինի այդ անդամները գործակցելով շրջանի ոչ-հայկական եկեղեցիներուն հետ, վերջինները մեր սրահը վարձեցին, որուն շնորհիւ փակուեցան ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի որոշ պարտքեր:

Ճորճ Մանտոսեան, որպէս կեդրոնի փոխ-ատենապետ, իր հմուտ ղեկավարի կարողութիւնը միշտ ալ տրամադրած էր մեր մասնաճիւղին եւ Խնամակալ մարմինին, որուն ատենադպրութիւնը 20 տարի համեստօրէն վարած է սոյն տողերը ստորագրողը:

 

***

Տէր Զաւէն Աւագ քահանայ Արզումանեանի սեղանի օրհնութեամբ ճաշի սպասարկումէն ետք, ընթացք տրուեցաւ յայտագրին:

Բացման ու բարի գալուստի ջերմ խօսք մը ուղղեց հանդիսավար, Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի Խնամակալ մարմինի ատենապետ Գէորգ Քէօշկէրեան:

Սրտի ջերմ խօսքով ելոյթ ունեցաւ ազգային-հասարակական բեղուն գործիչ, ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ատենապետ Բարսեղ Գարթալեան, որ Մանտոսեանի երկար տարիներու գործընկերը եղած է զանազան մարմիններու մէջ: Ան ներկայացուց մեծարեալը, որպէս Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետ, Մեծ Եղեռնի Մոնթէպելլոյի Նահատակաց յուշարձանի մարմինի հիմնադիրներէն է, վերջապէս ԹՄՄ-ի Արշակ Տիգրանեան (ներկայիս փակուած) վարժարանի 30 տարիներու գործընկեր: Բարսեղ Գարթալեան յանուն իր մասնաճիւղին շնորհաւորեց մեծարեալն ու անոր կողակիցը՝ Տիկ. Յասմիկ Մանտոսեանը, որ իր ամուսինին միշտ թիկունք եղած է անոր բոլոր ազգային ծառայութիւններուն մէջ:

Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Աստղիկ Տատուրեան, որ արժանիօրէն ներկայացուց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» գոհար բանաստեղծութիւնը, խորապէս տպաւորելով ներկաները:

Ապա, նոյնքան մեծ յաջողութեամբ ելոյթ ունեցան Խնամակալ մարմինի երկու անդամներ. Խաչիկ Նահապետեան՝ երգ, եւ կիթառի ընկերակցութիւն՝ Փօլ Իշխանեան, կատարելով Գուսան Աշոտի «Իմ հայրիկ» հոյակապ երգը, արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին:

Ապա, հանդիսավարը ջերմ խօսքերով հրաւիրեց ԹՄՄ-ի Կեդր. վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեանը, որպէս գլխաւոր բանախօս ելոյթ ունենալու համար:

Երուանդ Ազատեան, Ճորճ Մանտոսեանին 60 տարիէ աւելի ծանօթ է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, եւ յետոյ ԱՄՆ-ի մէջ որպէս ԹՄՄ-ի Կեդր. վաչութեան համա-փոխատենապետներ, երկար տարիներ գործելով իրարու հետ:

Գլխաւոր բանախօսը վեր առաւ Մանտոսեանին աշխատասիրութիւնը, հնարամտութիւնը եւ բազմերես ծառայութեան վաստակը. իր խօսքը համեմեց քանի մը սրախօսութիւններով: Վերջաւորութեան, Երուանդ Ազատեան սրտանց շնորհաւորեց յոբելեարը եւ անոր տիկինը եւ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց մեծարեալին:

Խօսք առաւ ծանօթ հասարակական գործիչ, Ճորճ Մանտոսեանին տարիներու պաշտօնակից՝ Արա Ահարոնեան, որպէս Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդի յանձնակատար: Ան մեծարեալին յանձնեց ՀՀ Լոս Անճելըսի հիւպատոս՝

Տիկ. Արմելա Շաքարեանի, Քալիֆորնիոյ նահանգի Ծերակուտական Անթընի Փորթանթինոյի եւ քոնկրեսմէն Ատըմ Շիֆի գնահատագիրերը:

Կարճ, բայց խորիմաստ ելոյթ ունեցաւ բազմամեայ հասարակական գործիչ, Լոս Անճելըսի «Քաջ Նազար» ամսագրի եւ հեռատեսիլի ժամի վարիչ՝ Յովհաննէս Բալայեան:

Ապա կատարուեցաւ կարկանդակի հատում եւ մեծարեալի շնորհակալութեան խօսքը:

Ճորճ Մանտոսեան ծանօթ է իրեն յատուկ զսպուածութեամբ՝ կարճ, կտրուկ ելոյթներով: Այդ գիշեր ան շատ գեղեցիկ խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, Կեդրոնական վարչութեան, իր տիկնոջ՝ Յասմիկ Կէօնճեան Մանտոսեանին, ազգականներուն եւ ներկաներուն:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ ջերմ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ներկաները մօտեցան մեծարեալին եւ անձամբ իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին իրեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին