Արա Կիւլէրի լուսանկարներն ու պատմուածքները միատեղուած
«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Օգոստոս 2018-ին Իսթանպուլի «Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է այս գիրքը, խմբագրութեամբ Ռոպէր Գոփթաշի (144 էջ)։ Գիրքը, որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն՝ Արա Կիւլէրի, վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու յետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ՝ գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը։ Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը կը վերածուի «լուսա-պատմուածքի պատկերագիրք»ի մը՝ հետապնդելով հաւանական զուգորդումները ընդմէջ Արա Կիւլէրի գրութիւններուն ու երեւակայական աշխարհին։ Արուեստագէտը իր այս տասներեք պատմուածքը կը բնութագրէ որպէս լուսանկար։
Արա Կիւլէր
1928-ին ծնած է Պոլիս։ Յայտնի է որպէս Թուրքիոյ մէջ ստեղծագործ լուսանկարչութեան համաշխարհային ասպարէզին վրայ հռչակուած կարեւորագոյն ներկայացուցիչը։ Ստանձնած է Time Life, Paris Match եւ Stern հանդէսներու Մերձաւոր Արեւելքի ֆոթօ-թղթակիցի պաշտօնը։ Նոյեան տապանին վերաբերեալ իր թղթակցութիւնն ու լուսանկարները Magnum Photos-ի կողմէ տարածուեցան աւելի քան հարիւր հրատարակութեան։ Նոյնպէս այդ տարիներուն կատարեց Նեմրութ լերան մասին իր թղթակցութիւնը։ 1961-ին Անգլիա հրատարակուող British Journal of Photography Year Book զինքը հռչակեց աշխարհի լաւագոյն եօթը լուսանկարիչներէն մէկը։ Հարցազրոյցներ կատարած ու լուսանկարած է աշխարհահռչակ բազմաթիւ անուններ՝ Պերթրանտ Ռասըլէն մինչեւ Ուինսթըն Չըրչիլ, Առնոլթ Տոնպիէն Փիքասօ, Ուիլիամ Սարոյեանէն Սալվատոր Տալի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ յառաջատար արուեստագէտները։