ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Հասած էինք վրացական եւ թրքական սահման: Սահմանային օրինական սովորական ստուգումներու ընթացքին ականատես եղանք փոքր միջադէպի մը, որ մեզ ուշացուց մէկ ժամով: Այնտեղ տեսանք թէ շարք խանգարելը, անկարգութիւնը և կամ որևէ այլ անօրինութիւններ միայն հայուն չէ տրուած: Թուրք վարորդներ, առանց կարգի սպասելու, կը խուժէին անցագրի խցիկ և զարմանալիօրէն առանց այլեւայլի, կը ստանային իրենց արտօնութիւնները: Խումբի անդամներէն մին երբ առարկութիւն ըրաւ զանոնք կարգի հրաւիրելով, անհաւատալիօրէն, մաքսատան թուրք պաշտօնեան զինք վարկաբեկեց անարգանքով: Որպէս ամերիկեան քաղաքացի, ազգով տաքարիւն հայ անշուշտ, բարեկամնիս՝ առանց դոյզն իսկ հանդուրժողական մտածմունքի, վերադարձուց շպրտուած անարգանքը նոյն պաշտօնեայի երեսին, իր մեծաւորին ներկայութիւնը պահանջելով: Պաշտօնեան կը փորձէր հարցը բարդացնել, սակայն կողքի պաշտօնեան զինք զգաստացնելով յանդիմանեց ըսելով, թէ ան կրնար իր պաշտօնը կորսնցնել այս պարագային: Վերջապէս հարցը բարւօք աւարտեցաւ, երբ թուրք մաքսատան մեծաւորը հասաւ եւ մեզմէ ներողութիւն խնդրելով մեզ ճամբու դրաւ: Ահաւասիկ այնտեղ էր, որ իմացանք թէ պետականօրէն, Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջիկները ինչպիսի ընդունելութեան պէտք էր արժանանային երկրի բնակիչներուն կողմէ անխտիր (Հարցը պետական մակարդակով):
Ընկրկումի անցուկ պահեր էին այն աստիճանի, որ պահ մը մտածեցինք վերադառնալ առանց մխրճուելու նորանոր միջադէպերու մէջ: Սակայն վարորդին և պտոյտի առաջնորդին հաւաստիացումներով համոզուեցանք և մտանք թրքական ինքնաշարժ մը, որուն վարորդը քիւրտ մըն էր Մուսթաֆա անունով:
Զարմանալիօրէն՝ լռակեաց, պրպտուն հայեացքով երիտասարդ մը, որուն վրայ վստահած էինք մեր կեանքը: Ըստ հայկական բարի սովորութեանց, զինք անմիջապէս, առանց այլեւայլի, «հայու արիւն ունի անպայման» մակդիրը կնքեցինք, պարզապէս՝ մեզի հոգեկան գոհացում պատճառելու համար: Չէինք գիտեր, թերեւս՝ իրականութիւն թուէր այդ, իր աչքերուն խորը թափանցող ամչկոտութեան, խոնարհութեան և բացայայտ մեզի հանդէպ ունեցած պաշտպանողական զգօն արտացոլումով:
Ինքնաշարժը կը սուրար թրքական ասֆալթապատ և,– ի մեծ տարբերութիւն վրացականին,– մայրուղիներուն վրայէն դէպի Արտահան ու Կարս:
Տիկինս դիտելով անծայրածիր, համարեա ամայի այդ դաշտերը կ՚ըսէր. «Այստեղերը մարդիկ չե՞ն բնակիր, նայէ՛ ի՜նչ կանաչ են ու տափարակ, ինչե՜ր չեն ցանուիր այստեղ»: «Ասոնք մեր հողերն են» կ՚ըսէի, ու տխրութեամբ կ՚անցնէի վերյիշելու հայոց պատմական դասընթացքը: Մօտ երեք ժամ շարունակ կը դիտէինք ճամբու եզրին սուրացող հայկական դաշտերը, ձորերն ու լեռները, որոնք տակաւին մեծ մասամբ թափուր կը մնային թրքական տատամսանքի՞ հետեւանքով թէ՝… սպասելով գերպետութիւններու գերպետական վերջնական որոշումի մը, կամ համաձայնութեան մը թերեւս, որուն վերադարձը իր իսկական տէրերուն կը տարուբերի անցեալի 100 տարիներու քաղաքական մակընթացին մէջ:
Ճանապարհի եզրին, մի քանի խրճիթներու հաւաքածոներ գիւղի տպաւորութիւն կը ձգէին, որոնց միակ զբաղումը արջառի բուծանում կամ արօտավայրերու մշակում կրնար ըլլալ, տեսնելով ոչխարներու եւ կովերու հօտերը: Ինքնիրենս հարց տալով կը մտածէի պատասխան մը գտնել Արարատեան դաշտի այդ շրջանին մասին, Վրաստանէն սկսեալ մինչեւ Վանայ լիճ եւ շրջակայքը, որ զարմանալիօրէն՝ թուրք եւ վրացի պետութեանց կողմէ լքուած կը թուէր ըլլալ: Արդեօ՞ք պատճառը վերեւը նշուած իրողութիւնն էր, թէ արդէն ակամայ յանձնուած էր տեղաբնակ օրըստօրէ բազմացող քիւրտերուն:
Առանց դադար առնելու Արտահանի մէջ, որ կարծէք որեւէ փոփոխութիւն չէր ունեցած անցեալ դարէն ի վեր, հասանք Կարս, երբ արդէն յետմիջօրէ էր եւ ուղղուեցանք պանդոկ, ապա՝ ճաշարան:
Շար. 2