«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պատկանող տարածքներու մէջ խուզարկութիւն կատարուած է: Այս մասին կը յայտնեն Յատուկ քննչական ծառայութենէն:
«Մարտ 1-ի գործի ծիրէն ներս խուզարկութիւն կատարուած է Ռոպերթ Քոչարեանի առանձնատան ու գրասենեակին մէջ»,- կը հաղորդէ ՀՔԾ-ն` նշելով, որ այս մասին շուտով պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն:
Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան իր հերթին յայտնեց, որ այդ խուզարկութիւնը կատարուած է 2-3 շաբաթ առաջ:
«Չես գիտեր ինչո՛ւ, հիմա որոշած են այդ տեղեկութիւնը տարածել։ Թէ ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէ խուզարկութեան մասին լուրերու ուշացած շրջանառութիւնը, կը ձգեմ ընթերցողներուն»,- ըսած է Սողոմոնեան: