Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս 2018-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժըմայէլի։
Շուրջ ժամ մը տեւած այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքն ու Լիբանանը յուզող քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային հարցերուն։