Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Հարիրի Յոյս Յայտնեց Նոր Կառավարութեան Մօտալուտ Կազմաւորման Առնչութեամբ Ատհայի Տօնի Առթիւ Տուած Ուղերձին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի ջերմ բարեմաղթութիւններ յղեց լիբանանցիներուն ընդհանրապէս, եւ բոլոր անոնց որոնք կը նշեն Ատհայի տօնը մասնաւորաբար ու  յոյս յայտնեց նոր եւ յաջող կառավարութեան վերահաս կազմաւորման առնչութեամբ: Այս մասին կը փոխանցեն վարչապետի պաշտօնակատարի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Հարիրի հայցեց այս տարուան տօնակատարութիւնները համարել անվտանգութեան եւ ապահովութեան վերականգնման ժամանակահատուած բոլոր անոնց համար, որոնք դէմ յանդիման կը գտնուին պատերազմական արհաւիրքներու թէ՛ տարածաշրջանին մէջ, թէ՛ անկէ դուրս:
Վարչապետի պաշտօնակատարը յոյսով է, որ նոր կառավարութիւնը պիտի կատարէ Լիբանանի ժողովուրդի ցանկութիւններն ու պիտի բարելաւէ երկրի պայմանները:
«Հարիրի պիտի չկարենայ բարեմաղթանքներ ընդունիլ տօնին առթիւ, քանի որ ան ներկայիս արտերկիր կը գտնուի»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին