«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի գաղթականներու հարցերով պետական նախարարի պաշտօնակատարը հաղորդեց, որ իր նախարարութիւնը որեւէ նախագիծ չէ ստացած գաղթականներու տունդարձի իրագործման ուղղութեամբ ռուսական կողմի առաջադրած ծրագիրին մասին: Այս մասին կը տեղեկանանք Երկուշաբթի «Ալ Նահար» օրաթերթի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Ակներեւ է անորոշութիւն եւ լուրջ պայմանաւորուածութեան բացակայութիւն ռուսական ծրագիրին շուրջ»,- հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Մուին Մերհեպի՝ մասնաւորաբար շեշտելով, թէ ռուսական, ամերիկեան ու եւրոպական պաշտօնակատարներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է, որ յառաջ ընթանայ: «Ռուսական ծրագիրը դեռեւս իր առաջին փուլին մէջ է, ինչ որ տակաւին լուրջ աշխատանքի եւ դրամագլուխի կը կարօտի»,- աւելցուց ան:
Յուլիսին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն ուղարկած է գաղթականներու տունդարձի իրագործման վերաբերեալ համատեղ ծրագիրի նախագիծ մը, ուր ներառուած է ձեւաւորել աշխատանքային խումբեր Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ ամերիկեան եւ ռուսական պաշտօնատարներու ներգրաւուածութեամբ: Լիբանան ջերմօրէն ողջունած է ծրագիրը եւ ցարդ այդ առումով տեղի ունեցած են բարձր մակարդակի հանդիպումներ լիբանանեան եւ ռուսական պատուիրակութիւններու միջեւ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ այս ծրագիրին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել 1.7 մլն սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձը, որոնցմէ 890, 000-ը պիտի ըլլայ Լիբանանէն: