Լիբանանի «Gardenia Lebanese Farms» ընկերութեան հիմնադիր Նիքոլաս Ապու Ֆայսալի հրաւէրով 2018 թուականի օգոստոս 6-31 Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի խումբ մը ուսանողներ փորձուսուցման մեկնած են Զահլէ քաղաքին մէջ գտնուող «Gardenia Grain D՚or» ընկերութեան խոշոր պահածոներու գործարան:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` փորձուսուցման առաջին երկու շաբաթը իրականացած է «Gardenia Grain D՚or» ընկերութեան մթերքի վերամշակման ժամանակակից արհեստագիտութիւններու գործարանին մէջ: Ըստ ծրագիրին նախատեսուած է նաեւ ծանօթանալ պանիրի պատրաստման, գետնախնձորի վերամշակման եւ ջուրի շշալցման աշխատանքներուն:
Փորձուսուցման ծիրէն ներս տեղի ունեցած է հանդիպումներ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ:
Տեղեկացնենք, որ Լիբանանի «Gardenia Lebanese Farms» ընկերութեան հիմնադիր Նիքոլաս Ապու Ֆայսալը 2018 թուականի Յուլիս 9-ին այցելած է Արցախ եւ հաւնելով տեղի բնութիւնը որոշած է ներդրումներ կատարել նաեւ Արցախի մէջ: Ընկերութիւնը միտում ունի մինչեւ 2025 Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տարեկան 8 հազար թոն ընկոյզ արտադրել: Ընկերութիւնը արդէն 16 հազար փեքան տեսակի եւ յունական ընկուզենիներու ծառ տնկած է Հայաստանի մէջ: Նիքոլաս Ապու Ֆայսալը որոշած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնել փեքան տեսակի ընկուզենիի ամենամեծ այգիները: