Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Թուէնի Կը Պահանջէ Պաշտօնատարներէն Շուտափոյթ Լուծում Գտնել Պէյրութի Օդակայանի Գերխճողուածութեան Աճին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլաս Թուէնի Շաբաթ անդրադարձաւ Պէյրութի օդակայանի ճանապարհորդային գերխճողուածութեան եւ պահանջեց պաշտօնատարներէն շուտափոյթ լուծում գտնել անոր յարադէպ աճին:
«Պէտք չէ լուռ վերաբերին այս իրադրութեան: Մեր երկիրը զբօսաշրջավայր է: Հետեւաբար, պատկան մարմինները պէտք է առաւելագոյնս աշխատին ճանապարհորդութեան առնչուող հարցերու հանգուցալուծման ուղղութեամբ»,- ըսաւ Թուէնի ազգային լրատուական գործակալութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Յայտնենք, որ Լիբանանի միակ օդակայանը, որուն այժմեան կարողականութիւնը վեց միլիոն է, տարեկան դրութեամբ կ’ընդունի աւելի քան ութ միլիոն ճանապարհորդ, ինչ որ զգալիօրէն դուռ կը բանայ բազմաբղէտ խնդիրներու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին