«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Շաբաթ խոր վշտով անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի մահուան՝ ընդգծելով հանգուցեալի ունեցած ազդու դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահական գրասենեակէն:
«Սրտի խոր կսկիծով ստացայ Աննանի մահուան գոյժը: Ան տարիներ շարունակ գործեց յանուն խաղաղութեան եւ ապահովութեան»,- ըսաւ Աուն ՄԱԿ-ի այժմու ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերրեսի յղած նամակին մէջ, ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Աննանի մահը պատահեցաւ Շաբաթ Զուիցերիոյ մայրաքաղաքին մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան: