Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Ցաւակցական Կարապետեան Ընտանիքին

Լոս Անճելըսի Հայ Այնթապցիներու Մշակութային Միութեան վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կ՚ուզէ հաղորդել Կարապետեան ընտանիքի հարազատներուն եւ համայն այնթապցիներուն, այս ծանր կորուստին համար։

Յարութիւն Կարապետեան տիպար հայրենասէր մըն էր, որ ժառանգած էր իր այնթապցի ծնողքէն։ Ան մօտիկէն կը հետեւէր հայրենի իրադարձութիւններուն։

Յարութիւն օժտուած էր հայու վեհ արժանիքներով՝ ծառայասէր, ընկերասէր եւ պարտաճանաչ անձ մըն էր։ Երկար տարիներ Հայաստանի մէջ վարած է Այնթապցիներու Հայրենակցական Միութեան ատենապետութիւնը։

Լոս Անճելըսի մէջ նոյնպէս երկարամեայ աշխոյժ ծառայութիւն բերաւ Հայ Այնթապցիներու Մշակութային Միութեան վարչութեան։

Յարութիւն յաճախ կ՚այցելէր Հայաստան։ Ան քանի մը ամիս առաջ Հայաստան էր  եւ այցելած էր «Նոր Այնթապ» աւան եւ վերադարձին վարչութեանս ներկայացուց դպրոցին ներկայ անմխիթար վիճակը եւ նորոգումի աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը։

Փոխան ծաղկեպսակի, վարչութիւնս կը խնդրէ նուիրատուութիւնները կատարուին Հայ Այնթապցիներու Մշակութային Միութեան, որ պիտի յատկացուի «Նոր Այնթապ» աւանի Բիւզանդ Մարգարեանի անուան երկրորդական վարժարանի նորոգման ծախսերուն։

Կը խնդրենք Բիւզանդ Մարգարեանի անուան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձութենէն, որ նորոգուած դպրոցին մէջ ցուցատախտակ մը զետեղուի ի յիշատակ տիպար այնթապցի՝ Յարութիւն Կարապետեանի։

Թող խունկի անուշ բոյրով պարուրուի անոր լուսաւոր հոգին եւ Աստուած մխիթարութիւն շնորհէ անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն։

 

Լոս Անճելըսի Հայ Այնթապցիներու

Մշակութային Միութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին