Շաբաթ, Օգոստոս 11-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Շաբաթօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ամենամեայ մանկավարժական աշխատանիստը տեղի ունեցաւ դպրոցական վերամուտին ընդառաջ։
Հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, աշխատանիստին մասնակիցները շուրջ չորս ժամերու ընթացքին հետեւեցան հետեւեալ զեկուցումներուն.
. Յովնան Արք. Տէրտէրեան խօսեցաւ հոգեւոր արժէքներու մասին։
. Ուսխորհուրդի ատենապետ, ընդհանուր տեսուչ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան վարեց աշխատանիստը եւ անդրադարձաւ Շաբաթօրեայ դպրոցներու առաքելութեան։
. Դոկտ. Կարօ Մոմճեան. «Պատմական շրջադարձային դէպքերու դերը հայ ազգի գոյապահպանման մէջ»
. Մաշտոց Չօպանեան. «Քրիստոնէութիւնը եւ մեր ազգային ինքնութիւնը»
. Սեւակ Տէրտէրեան. «Հայ կրօնական երաժշտութիւնը. Պատարագը»
Բոլոր զեկուցումներուն հետեւեցան աշխոյժ քննարկումներ շուրջ 40 դասատուներուն եւ տնօրէններուն կողմէ։
Գործնական եւ ուսանելի աշխատանիստ մըն էր, որ մեծ բաւականութիւն պատճառեց ներկայ մասնակիցներուն։