«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատ արձակելու վերաբերեալ վերաքննիչ դատարանի որոշումը ստացած են թէ՛ մեղադրող եւ թէ պաշտպանական կողմը: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը նշեց, որ ստացած են որոշումը եւ կը նախապատրաստեն բողոքը:
«Այսօր ստացած ենք որոշումը եւ կը նախապատրաստուի բողոքը»,- ըսաւ Արեւիկ Խաչատրեանը:
Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն Հայկ Ալումեանը ըսաւ, որ իրենք նոյնպէս ստացած են որոշումը եւ զայն մանրակրկիտ կ’ուսումնասիրեն:
Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական կազմը նոյնպէս մտադրած է բողոք ներկայացնել Վճռաբեկ դատարան, որպէսզի իրենց կողմէ ներկայացուցած հիմնաւորումներէն եւս երկուքը այնտեղ քննարկման առարկայ դառնան:
Նշենք, որ Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Օգոստոս 17ի հանրահաւաքի նախօրէին «Երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի կայանին տուած իր բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց իր՝ քաղաքականութեան դաշտ վերադառնալուն մասին, թէեւ՝ առանց ձեւաչափի յստակացումի: Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնաթող նախագահը կոչ ըրաւ բացայայտելու նախաքննական գաղտնիքը՝ Մարտ 1-ի գործի դատաքննութեան ընթացքին: Իր կարծիքով՝ պաշտպան փաստաբաններու խումբը «ջախջախած է» մեղադրանքը, որ, ըստ Քոչարեանի, կառուցուած է կեղծ եզրակացութիւններու վրայ:
Ան քաղաքականութիւն պիտի վերադառնայ իբրեւ անհա՞տ, թէ պիտի փորձէ քաղաքական ուժի ձեւաւորման մասին մտածել… Քոչարեան այս հարցումին պատասխանեց՝ ըսելով. «Այդ վերադարձը կարող է լինել տարբեր ձեւաչափերով»: Ըստ իրեն՝ իր վերադարձը պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակով:
«Նայեցէք՝ ո՞ւր է Հայաստանը եւ ի՞նչ երկիրներով շրջապատուած ենք, նաեւ նայեցէք մեր յարաբերութիւններու՝ այդ երկիրներու հետ»,- ըսաւ Քոչարեան՝ պարզաբանելով, որ ներկայիս ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները ամենացած մակարդակի վրայ են, Ամերիկա-Իրան յարաբերութիւնները՝ նոյնպէ՛ս, իսկ Թուրքիան ընդհանրապէս յարձակողական կեցուածք ընդունած է: