Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանէն կ՚իմանանք, թէ վերջերս Արեւմտեան թեմ այցելած են հիւր հոգեւորականներ։
. Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու՝ բանակի Հոգեւոր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան, որպէս Հոգեւոր Առաջնորդը Հայոց Բանակին, իր քարոզներով եւ պատգամներով կը զօրացնէ հաւատքն ու ծառայութեան ոգին հայ զինուորին եւ կը քաջալերէ զանոնք որպէս մերօրեայ «Ղեւոնդ Երէց», որպէսզի մեր նուիրեալ երիտասարդները որպէս մշտարթուն պահակները՝ պաշտպանեն Հայրենիքի սահմանները։ Սրբազան Հայրը առաջնորդարան այցելելով հանդիպում ունեցաւ Թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ եւ տեղեկութիւններ փոխանեց Զինուած ուժերու ծառայութեան մասին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատած է անոր կատարած հայրենասիրական ծառայութիւնները, ապա տեղեկութիւններ փոխանցեած՝ Թեմիս հոգեւոր եւ կրթական ծառայութիւններուն մասին։
. Արժանթինի Հայոց թեմէն ներս ծառայող՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեան, որ ա՛յլ առիթներով եւս այցելած է Արեւմտեան Թեմը՝ Սուրբ Պատարագ մատուցած եւ քարոզած է Թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հրաւէրով։
Հայր Սուրբը առաջնորդարան այցելելով հանդիում ունեցած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ՝ անոր փոխանցելով Արժանթինի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեանի եղբայրական ջերմ ողջոյնները։ Հայր Սուրբը Կիրակի, Յունիս 24-ին, Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ։ Ծուխի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քահանայ Շահպազեան բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբին եւ զինք ներկայացուց հաւատացեալներուն։
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը այս օրերուն կը գտնուի Լոս Անճելըս եւ Արժանթին կը վերադառնայ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15-ին։
. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հիւրաբար Արեւմտեան թեմ այցելած է Հոգշ. Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան։ Ան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, որպէս Աբեղայ՝ շուրջ տարի մը հովուական պաշտօն վարեց Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ։ 2017-ի վերջաւորութեան ան վերադարձաւ Մայր Աթոռ, իսկ քանի մը ամիս առաջ արժանացաւ Վարդապետական Գաւազանի իշխանութեան։ Հայր Սուրբը Յուլիս 22-ին եւ 29-ին Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Կիրակի, Օգոստոս 5-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ։ Ծուխի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քահանայ Շահպազեան բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբին եւ զինք ներկայացուց հաւատացեալներուն։
. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի երկու ուսանողներ՝ Ռուստամ Պօղոսեան եւ Մեսրոպ Յովհաննիսեան եւս այցելած են Արեւմտեան թեմ եւ մասնակցած Սուրբ Պատարագի արարողութեան։