«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանը յոյս ունի, որ դատախազութիւնը ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը վերացնելու մասին Վերաքննիչ դատարանի որոշումը կը բողոքարկէ Վճռաբեկ դատարանին մէջ: Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Սասուն Խաչատրեանը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Ռոպերթ Քոչարեանը այնուհետեւ կը յայտնուի անազատութեան մէջ ու չի կարենար խոչընդոտել գործի քննութիւնը:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ Ռոպերթ Քոչարեանը այս պահուն կրնա՞յ լքել երկիրը, որուն ի պատասխան ՀՔԾ պետը ըսաւ. «Չեմ կարծեր, որ ան փորձէ լքել երկիրը: Այս պահուն Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած չէ, սակայն եթէ ան փորձ ընէ լքելու երկիրը, այդ մէկը կը գնահատուի որպէս նախաքննութիւնը խոչընդոտելու, քրէական վարոյթ իրականացնող մարմինէն թաքնուելու փորձ, հետեւաբար կը կիրարկուի խափանման միջոց»: