Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Գերմանիոյ Դեսպանը

9 Օգոստոս 2018-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը: Անոր կ’ընկերանար իր տիկինը։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի քաղաքական ներքին կացութեան, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան սեմին։ Այս ծիրէն ներս շեշտուեցաւ հոգեւոր պետերու դերակատարութիւնը թէ՛ ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ թէ կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու իմաստով։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ կապուած հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանին, յատկապէս «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք։

Յայտնենք, որ դեսպանը շուրջ ամիս մը ետք պիտի մեկնի Լիբանանէն՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստանձնելու դարձեալ Միջին Արեւելքին առնչուած այլ պատասխանատուութիւն մը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին