Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Մարտ 1-ի Գործով Յովիկ Աբրահամեանին եւ Սէյրան Օհանեանին Մեղադրանք Չէ Առաջադրուած․ ՅՔԾ Պետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Մարտ 1-ի գործով նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին մեղադրանք չէ առաջադրուած։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, յայտնած է Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետ Սասուն Խաչատրեան՝ նախ նշելով, որ ատիկա նախաքննական գաղտնիք է, ապա աւելցնելով, որ ցանկացած անձի մեղադրանք առաջադրուելու պարագային՝ այդ մասին հրապարակում կ՝ըլլայ իրենց կողմէ։ Անդրադառնալով Յովիկ Աբրահամեանի եղբօր՝ ՅՔԾ պետը նշած է, թէ ան այս պահուն ունի կասկածեալի կարգավիճակ։

«Յովիկ Աբրահամեանի եղբայրը այս պահուն ունի կասկածեալի կարգավիճակ, ան կը կասկածուի ապօրինի զէնք պահելու մէջ»,- ըսած է Սասուն Խաչատրեան։ Պատասխանելով այն հարցին, թէ Մարտ 1-2-ի դէպքերուն հետ ինչ կապ կրնայ ունենալ Յովիկ Աբրահամեանի առանձնատունէն ԱԱԾ-ի կողմէն յայտնաբերուած զէնքը՝ ՅՔԾ պետը ըսած է,- «Տեղեկատւութիւն կայ, դուք ալ տեղեակ էք, բազմիցս խօսուած է այդ մասին, որ Մարտ 1-ին՝ կանոնաւոր բանակէն բացի՝ եղած են նաեւ զինուած խումբեր, հիմա նախաքննութեամբ կը ստուգուի այդ վարկածը»։

«Սերժ Սարգսեան որեւէ կերպով պիտի ներգրաւուի՞ Մարտ 1-ի գործով» հարցին առնչութեամբ եւս Սասուն Խաչատրեան նշած է, որ պիտի հարցաքննուին բոլոր անոնք, որոնք կրնան տեղեկատւութիւն ունենալ այդ գործին վերաբերեալ։ «Նախաքննութիւնն է, որ պիտի որոշէ՝ մեկնելով գործի շահերէն»,- աւելցուցած է ան։

Սէյրան Օհանեանին, որ 2008 Մարտ 1-ի օրերուն եղած է ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտապի պետ, եւս մեղադրանք չէ առաջադրուած։ Ինչ կը վերաբերի Գագիկ Ծառուկեանի ներգրաւուածութեան մասին տեղեկութիւններուն՝ պաշտօնեան չէ ցանկացած մեկնաբանել։ «Բազմաթիւ վարկածներ կան, բոլորն ալ կը ստուգուին։ Նախաքննութեան շահերէն մեկնելով՝ ես չեմ ուզեր խօսիլ այդ վարկածներուն մասին»,- նշած է ՅՔԾ պետը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին