Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Կը Վերականգնուի Կումայրի Պատմական Կեդրոնը

ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Աւետիք Էլոյեան կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Արմէն Ղուլարեանի, Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աշոտ Կիրակոսեանի հետ միասին այցելած է Կիւմրի՝ Կումայրի պատմական կեդրոնի զարգացման նախագիծի ծիրէն ներս տարուող ընթացիկ աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի մամուլի ծառայութենէն։

Կիւմրիի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Կումայրի պատմական կեդրոնի վերակառուցման վերաբերող հարցեր: Քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան վստահեցուցած է, որ այն հատուածները, որոնց շինարարութիւնը կ’իրականացուի քաղաքապետարանի միջոցներով, պիտի աւարտին սահմանուած ժամկէտներու մէջ:

Այնուհետ շրջայց կատարուած է վերականգնուող պատմական թաղամասի տարածքին մէջ:

Այստեղ արդէն ամբողջութեամբ աւարտած են Ռուսթաւելի փողոցի վերականգնումն ու բարեկարգումը: Շիրազի եւ շրջակայ հատուածին գտնուող Ջիւանիի, Յակոբեան, Ղորղանեան, Աբովեան եւ Վարպետաց փողոցներուն մէջ եւս շինարարական աշխատանքներ սկսած են:

Կոմիտէի նախագահ Աւետիք Էլոյեան առանձնակի ուշադրութիւն հրաւիրած է ենթակառուցուածքներու վերատեղադրման ու նորերու կառուցման կարեւորութեան, որպէսզի անոնք խոչընդոտ չհանդիսանան հետագայ աշխատանքներուն: Ան դրական գնահատած է Ռուսթաւելի փողոցի վերականգնումը՝ շինարարական աշխատանքներու ընթացքի, որակի եւ ժամկէտներու վերաբերեալ տալով յանձնարարականներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին