Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Մերժած է Ռոպերթ Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Պատգամաւորներուն Միջնորդութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ:ՀՀ Գլխաւոր դատախազութիւնը մերժած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն միջնորդութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն:

«Նախաքննութեան ներկայ փուլին կը պահպանուին Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորման հիմքերը եւ անազատութեան հետ չկապուած այլ խափանման միջոցի ընտրութիւնը դեռ ի զօրու չէ երաշխաւորելու մեղադրեալի պատշաճ վարքագիծով պայմանաւորուած քննութեան անխափան ընթացքը»,- ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Արեւիկ Խաչատրեան:

Դատախազութիւնը ներկայացուցած է նաեւ անձնական երաշխաւորագիր ներկայացուցած պատգամաւորներուն ցուցակը.

Արա Բաբլոյեան, Արփինէ Յովհաննիսեան, Էդուարդ Շարմազանով, Վ. Յարութիւնեան, Միհրան Յակոբեան, Կարինէ Աճէմեան, Ճեմմա Պաղտասարեան, Կնեազ Հասանով, Արսէն Միխայլով, Արմէն Աշոտեան, Անդրանիկ Յարութիւնեան, Արամ Յարութիւնեան, Յարութիւն Կարապօղոսեան, Աշոտ Արսէնեան, Յակոբ Յակոբեան, Կարէն Աւագեան, Արայիկ Յովհաննիսեան, Վահրամ Պաղտասարեան, Ռոպերթ Սարգսեան, Շուշան Սարդարեան, Հերմինէ Նաղդալեան, Մարգարիտ Եսայեան, Արտաշէս Գեղամեան, Նայիրի Սահակեան, Գագիկ Մելիքեան, Ռուստամ Մախմուդեան, Արայիկ Գրիգորեան, Սամուէլ Նիկոյեան, Շուշան Պետրոսեան, Հայկ Բաբուխանեան, Գալուստ Սահակեան, Սամուէլ Ֆարմանեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Միհրան Պօղոսեան, Իշխան Զաքարեան, Կարէն Բեքարեան, Ռուզաննա Մուրատեան, Արթուր Գէորգեան, Կորիւն Նահապետեան, Տաճատ Վարդապետեան, Կարէն Կարապետեան, Աւետ Սարգսեան, Արմենուհի Կիւրեղեան, Ռոմիկ Մանուկեան, Ռուզաննա Առաքելեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին