Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող մարզիկներու մետալներու քանակը տարուէ- տարի կ’աւելնայ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Օգոստոս 7-ին լրագրողներու հետ հանդիպումի ժամանակ նման յայտարարութիւն ըրած է ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Գաբրիէլ Ղազարեան:
«Մասսայական մարմնակրթութեան տեսանկիւնէն կ’իրականացնենք մեծ ծրագիրներ: Այդ ծրագիրներուն ներգրուած են տարիքային տարբեր խումբերու քաղաքացիներ: Կարեւորագոյն օղակներէն է նաեւ զօրակոչային տարիքը, ուր իրականացուող ձեռնարկներուն որակական աճը ակնյայտ է»,- ըսած է փոխնախարարը:
Ղազարեանի խօսքով` այս տարին դեռ չէ աւարտած, բայց բարեյաջող է հայկական մարմնակրթութեան համար: «2018 թուականին մինչեւ օրս Հայաստանը Եւրոպայի եւ աշխարհի առաջնութիւններուն նուաճած է 86 մետալ` 30 ոսկի, 24 արծաթ եւ 32 պրոնզ: Անոնք միայն երիտասարդներու եւ պատանիներու առաջնութիւններուն նուաճուած մետալներ են»,-նշած է նախարարը: