Տեսականօրէն նման արշաւ կ՛իրագործուի լարուածութիւն ստեղծելու փոքրամասնութեան մը դէմ կամ նախապատրաստելու ու արդարացնելու քաղաքական սպաննութիւն մը …:
Մեր մտահոգութիւնը կը փոխանցենք Հայ համայնքին ու անոր ներկայացուցիչներուն, որպէսզի զգոյշ ըլան …:
«Խմբ.»
Հայերը խիստ քննադատութեան կ’ենթարկուին Արցախեան հակամարտութեան պարունակին մէջ, կը մեղադրուին «բռնութիւններու հակամէտ» ըլլալու եւ Թուրքիոյ թշնամիներուն աջակցելու մէջ:
Թուրքիոյ այլ փոքրամասնութիւններու շարքին, լրատուամիջոցներու կողմէ ամէնէն շատ քննադատութեան արժանացած են հայերը: Այս մասին նշուած է «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրապարակած զեկոյցին մէջ:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ 2018 Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն, թրքական մամուլին մէջ 76 տարբեր խումբերու նկատմամբ ատելութիւն ու թշնամանք ընդգրկող 3076 յայտարարութիւն արձանագրուած է:
Նշուած ժամանակահատուածին հրապարակուած է ազգային եւ կրօնական խումբերը թիրախ ունեցող 2265 յօդուած եւ լուր: Թրքական լրատուամիջոցներու թիրախ դարձած են առաւելաբար հայերը, յոյները, հրեաները:
Նշուած չորս ամիսներուն ընթացքին, թրքական մամուլին մէջ հայերը գլխաւորաբար քննադատուած են հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ հրապարակումներու մէջ, պիտակաւորուած են իբրեւ բռնութիւններու հակամէտ ազգային խումբ, մեղադրուած են Թուրքիոյ համար «թշնամի» հռչակուած խումբերուն կամ անհատներուն թիկունքէն աջակցութիւն ցուցաբերելու մէջ։