Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Էդուարդ Շարմազանով Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ ՌԴ Դեսպանը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով Օգոստոս 7-ին ընդունած է ՀՀ-ի մէջ ՌԴ արտակարգ  եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը: Հանդիպումինը նթացքին կողմերը քննարկածեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

Ինչպէս կը փոխանց է «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ խորհրդարանի փոխնախագահը կարեւորած է երկու երկիրներու դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը տնտեսական, քաղաքական, մարդասիրական, ռազմական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Այդթեմայի լոյսին տակ յատուկ անդրադարձ կատարուած է միջխորհրդարանական փոխգործակցութեան: 

Զրուցակիցները կարեւորած են յարաբերութիւններու խորացումը ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեանծիրին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն, ընդգծուած է մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին