Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Գնեցէք Հայաստանէն

Քուէյթահայ գործարար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւնը աւելի բարգաւաճ դարձնելու նպատակով հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ Սփիւռքի նախարարին, հայրենի պատասխանատուներու, գործարարներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ: Կիրակոս Գույումճեան քննարկումներուն ընթացքին ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը՝ զբօսաշրջիկներուն, Հայաստան եւ Արցախ  ժամանակաւոր կեցութեամբ այցելողներուն թելադրելով տեղական շուկայէն կատարել իրենց անմիջական գնումները, նկատի ունենալով հայրենի շուկային մրցունակ գիները եւ ապրանքներուն բարձր որակը: Կիրակոս Գույումճեան համոզուած է, որ առեւտուրի զարգացման ճանապարհով պիտի ձեւաւորուին փոքր տնտեսութիւններ եւ զարկ պիտի տրուի հայրենական արտադրութեան: Կոչ կ’ընենք իւրացնելու Կիրակոս Գույումճեանի «Գնեցէք Հայաստանէն – Shop in Armenia» նախաձեռնութիւնը՝ սատարելու համար հայրենիքի տնտեսական վերելքին եւ հայրենաշինութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին