«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի, Երեքշաբթի վարչապետի գրասենեակի յայտարարութեան համաձայն, պարզաբանեց, որ վերջերս Փարիզ կատարած այցելութիւնը նպատակաուղղուած չէր նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման մէջ Ֆրանսայի միջնորդութիւնը ապահովելու, ինչին կարեւորագոյն աստառը, ըստ հաղորդումներուն, Ռիատի խաղացած ազդու դերակատարութիւնն է խորհուրդի կազմաւորման արգելափակման մէջ:
Սոյն յայտարարութիւնը կատարուեցաւ, երբ բազմաթիւ թերթեր, զանազան աղբիւրներ մէջբերելով, ընդհուպ մինչեւ քաղաքական բարձր մակարդակի, յօդուածներ հրապարակեցին, որոնք կը փոխանցեն, որ վարչապետ Հարիրի խնդրած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոնէն իբրեւ միջնորդ ծառայել Սէուտական գահաժառանգ իշխան Մուհամմատ Պըն Սալմանի հետ նախարարաց յաջորդ խորհուրդի կազմաւորման նպաստելու համար:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Փարիզ այցելութեան ընթացքին Հարիրի հանդիպում չունեցաւ պաշտօնատարներու հետ: Այցը բացառաբար ընտանեկան բնոյթի էր: «Ամէն պարագայի, Սէուտական ղեկավարութեան հետ առհասարակ եւ գահաժառանգ իշխան Մուհամմատ Պըն Սալմանի հետ՝ մասնաւորաբար, վարչապետի յարաբերութիւնը գերազանց է ու եղբայրական, ինչ որ ոեւէ մէկէն միջնորդութեան կարիքը չունի»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: