Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Արցախցի Պատգամաւորները Դիմած են ՀՀ Գլխաւոր Դատախազին` Քոչարեանի Կալանքը Փոխելու Միջնորդութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ:Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ Օգոստոս 7-ին միջնորդութիւն-խնդրանք ներկայացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին: Այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահի մամուլի խօսնակ Անոյշ Ղաւալեանը:

Միջնորդութիւնը կը վերաբերի Արցախի առաջին եւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած կալանաւորումը ազատութենէ զրկելու հետ չկապուած խափանման միջոցով փոխարինելուն` հաշուի առնելով Ռոպերթ Քոչարեանի մատուցած ծառայութիւնները Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինութեան գործին:

Թէ քանի պատգամաւոր ստորագրած է միջնորդութեան տակ, եւ ովքեր են, Ա. Ղաւալեան մանրամասնութիւններ չէ յայտնած` պարզաբանելով, որ իրեն նման լիազօրութիւն չէ տրուած:

Երէկ յայտնի դարձած էր, որ նման միջնորդութիւն ներկայացուցած են նաեւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի 45 պատգամաւորներ, որոնց անունները նոյնպէս չեն հրապարակուած:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին