«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Ազրպէյճանի Թովուզի շրջանին մէջ երկու քաղաքացի սպանննուած են տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստանալով, որպէս հետեւանք ականի մը վրայ կոխած ըլլալու: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Միջադէպը տեղի ունեցած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին մօտ, Ալիպէյլի գիւղի շրջակայքին: Տեղի բնակիչներ 24-ամեայ Մեխտիեւ Էլշատ Վիտատին եւ 14-ամեայ Հուսէյնով Ֆարիտ օղլուն կոխած են ականի վրայ՝ ստանալով մարմնական ծանր վնասուածքներ: Անոնք տեղափոխուած են Թովուզի կեդրոնական շրջանային հիւանդանոց:
Կը հաղորդուի, որ նշուած տարածքներուն մէջ եղած են վտանգի մասին զգուշացնող տարբերանշաններ: Դէպքի առթիւ քննութիւն սկսած է: