«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Ֆրանսայի Փիւի տէ Տոմի մէջ ինքնաթիռի վթարի հետեւանքով 3 մարդ զոհուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»–ը՝ յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին:
Կը նշուի, որ ինքնաթիռը վթարի ենթարկուած է տեղական ժամանակով 12:30-ի սահմաններուն: Վթարի ենթարկուած ինքնաթիռին մէջ եղած է 3 մարդ՝ տղամարդ եւ երկու կին: Երեքն ալ մահացած են:
Դէպքի վայր մեկնած են փրկարարներն ու ոստիկանները: Վթարի պատճառներուն մասին տակաւին որեւէ բան չի հաղորդուիր: