Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Վրաստանի՝ ՆԱԹՕ-ին Անդամակցիլը Կրնայ «Սարսափելի Հակամարտութիւն» Հրահրել. Մետվետեւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ:  Ռուսաստանի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը յայտարարած է, որ Վրաստանի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցիլը կրնայ յանգեցնել աղէտալի հետեւանքներու, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը՝ յղում կատարելով «ՏԱՍՍ»-ին:

«Վրաստանի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցիլը կրնայ սարսափելի հակամարտութիւն հրահրել, անհասկնալի է՝ ինչո՛ւ պէտք է անիկա»,- ըսած է ան «Քոմերսանթ ՖՄ» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ, որմէ հատուած մը եթեր տրուած է Օգոստոս 6-ին: Վարչապետը նաեւ նշած է, որ 2008 թուականին Վրաստանի եւ Հարաւային Օսիայի միջեւ զինուած հակամարտութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանը, կարելի էր կանխել: «Ոչ մէկ անխուսափելիութիւն կար»,- ընդգծած է Մետվետեւը: Յուլիս 12-ին ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սդոլթենպերկը վերահաստատած է, որ կազմակերպութիւնը մտադիր է Վրաստանինը ընդունիլ իբրեւ դաշնակից՝ չճշդելով, թէ յատկապէս ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ անիկա: ՆԱԹՕ-ի՝ տասը տարի առաջ Պուխարեսթի մէջ կայացած գագաթաժողովին դաշինքի պետութիւններու ղեկավարները խոստացան, որ Ուքրանիան եւ Վրաստանը կը դառնան ՆԱԹՕ-ի անդամներ:

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին, իր հերթին, կը յայտարարէր, որ Ռուսաստանը «խիստ բացասաբար» կը վերաբերէր ՆԱԹՕ-ի հետագայ ընդլայնման, անոր կազմին մէջ Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ ներգրաւման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին