«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են ոռոգման շրջանի հրատապ լուծում պահանջող խնդիրները:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը նախ անդրադարձած է ոռոգման հետ կապուած առկայ կարիքներուն, աւելի կանուխ ներկայացուած կանխատեսումներուն եւ ընդգծած. «Ընդհանրապէս, Սեւանայ լճի այսօրուայ իրավիճակը մեզ ստիպում է արձանագրել, որ պէտք է դադարենք Սեւանին վերաբերուել որպէս խաղալիք կամ ջրի տարա: Դա բացարձակապէս անթոյլատրելի է, եւ Սեւանին որպէս ջրի տարա վերաբերուելու գործելակերպը, ցաւօք, արդէն երկար ժամանակ Հայաստանում վերածուել է պետական քաղաքականութեան ու դրա հետեւանքները մենք այսօր տեսնում ենք: Յոյս ունեմ, որ ներկաները հենց այս տրամադրութեամբ եւ տրամադրուածութեամբ են եկել այսօրուայ քննարկմանը: Մենք պէտք է այս փակ ու անցանկալի շղթան ի վերջոյ ճեղքենք»:
Այնուհետեւ պատասխանատուներրը ներկայացուցած են ջրամբարներու լցուածութեան մակարդակի, ոռոգման շրջանը լիարժէք փակելու համար անհրաժեշտ ջուրի քանակի, ճեղքուածքը լրացնելու հաւանական միջոցառումներու, Մխչեանի եւ Ռանչպարի՝ հեղուկներու վերահանման եւ տեղափոխման ծառայող կայաններու հետ կապուած անհրաժեշտ տեղեկութիւնը, որուն շուրջ տեղի ունեցած է մտքերու շահագրգիռ փոխանակութիւն, ներկայացուած են տարբեր առաջարկներ՝ ոռոգման խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուած է ոռոգման համակարգերէն ջրային կորուստներու նուազեցման, ջրելեկտրակայաններու գործունէութեան վերահսկողութեան եւ բնապահապանական ոլորտէն ներս յառաջացող խնդիրներուն:
Քննարկման արդիւնքներով՝ վարչապետը յանձնարարած է փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի եւ շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներուն ներգրաւմամբ ձեւաւորել աշխատանքային խումբ, որ առաւելագոյնը կարճ ժամանակահատուածի մէջ կը քննարկէ գիւղացիական տնտեսութիւններուն անհրաժեշտ ոռոգման ջուրի ապահովման խնդիրն ու կը ներկայացնէ համապատասխան առաջարկներ: «Անհրաժեշտ է ուսումնասիրել իրավիճակը եւ գտնել առանց Սեւանայ լճից ջուր բաց թողնելու խնդրի լուծման տարբերակներ: Խնդիրը պէտք է լուծել մաքսիմալ արդիւնաւէտ եւ կարճ ժամանակում»,- շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան՝ միաժամանակ ընդգծելով հանրապետութեան մէջ կաթիլային ոռոգման համակարգի զարգացման անհրաժեշտութիւնը: