Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ու թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ԻԿՈՄ) հայկական թանգարաններու ազգային կոմիտէի համատեղ աջակցութեամբ՝ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ Օգոստոս 8-ին տեղի պիտի ունենայ «Ստեղծագործում են թանգարանների աշխատողները» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը:
Ցուցահանդէսը, ըստ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, նուիրուած է թանգարաններու աշխատողներու եւ բարեկամներու ընկերակցութեան հիմնադրման 15-ամեակին եւ ԻԿՈՄ-ի հայկական թանգարաններու ազգային կոմիտէի հիմնադրման 10-ամեակին:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ թանգարաններու աշխատակիցներու աւելի 70 նիւթ եւ արուեստի տարբեր բնագաւառներ ներկայացնող ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ գեղանկար, գծանկարչութիւն, քանդակ, լուսանկար, կիրառական արուեստ, բանաստեղծութիւն, երաժշտութիւն եւ այլն: