Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Հայաստան Ժամանած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աւելցած Է Աւելի Քան 10%

Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը 2018-ի առաջին կիսամեակին նախորդ տարուան համեմատ աճած է 10.2 %-ով: Զբօսաշրջիկներու թիւի աճին նպաստող գլխաւոր գործօնը վերջին շրջանին Հայաստանի վերաբերեալ ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնն է:

ՀՀ վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2018 Յունուար-Յունիսին Հայաստան ժամանած է 685,971 զբօսաշրջիկ: Այդ ամիսներուն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, աճած է 63,590-ով կամ 10.2%-ով:

Այդ ընթացքին Հայաստանէն մեկնած է 610,950 զբօսաշրջիկ, որ 40,550-ով կամ 7.1%-ով աւելի է նախորդ տարուան ցուցանիշէն: Հարկ է նշել, որ 2017-ի առաջին կիսամեակին Հայաստան ժամանած էր 622,381 զբօսաշրջիկ, իսկ 2016-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ ցուցանիշը աճած էր 24.2%-ով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին