«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Պաապտայի նախագահական պալատ այցելուներու խօսքը մէջբերած «Ալ Նահար» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հաղորդումներուն համաձայն՝ նախագահ Միշէլ Աուն ակնարկութիւն ըրած է, որ արտասահմանեան քարոզարշաւ մը կ’ընթանայ իր նախագահական պաշտօնավարման շրջանին դէմ:
«Արտասահմանէն ոեւէ մէկը չի կրնար ճնշում գործադրել վրաս,- պարբերաբար լրագրողներուն ըսաւ Աուն:- Բայց արդեօք նոյն ինքն այս պարագան կը վերաբերի՞ նաեւ ուրիշներուն: Չեմ գիտեր»:
Աուն հարցաքննեց իր նախագահական պաշտօնավարման շրջանին դէմ Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ մեկնարկած քարոզարշաւի ժամանակակէտը:
Նշենք, որ Յունիս ամսուան կէսերուն, Սէուտական Արաբիա կատարած պաշտօնական այցէն օրեր ետք Ժոմպլաթ բաց բանակցութիւններ մեկնարկեց իր կուսակցութեան եւ Աունի Ազգային ազատ հոսանք շարժումին միջեւ՝ բացայայտօրէն քննադատելով նախագահական ներկայ պաշտօնավարման շրջանը՝ զայն որակելով իբրեւ ձախողած առաջին իսկ պահէն սկսեալ: