«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ մահափորձի հետեւանքով 7 մարդ վիրաւորուած է: Ինքը՝ նախագահ Մատուրոն, չէ տուժած: Վենեզուելայի «Union Radio»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է կապի նախարար Խորխէ Ռոտրիկեզը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՏԱՍՍ»-ը, նախարար Ռոտրիկեզը ըսած է. «Նախագահ Մատուրոն չէ տուժած, ցաւօք, 7 աշխատակիցներ վիրաւորուած են»:
Մահափորձը իրականացուած է անօդաչուներու միջոցով, որոնց վրայ ամրացուած եղած է պայթուցիկ: Անոնք գործարկուած են Պոլիվարեան ազգային թիկնապահ գունդի կազմաւորման 81-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումի ժամանակ, երբ նախագահ Մատուրոն ելոյթ կ’ունենար:
Նախարարի փոխանցմամբ՝ անօդաչուները վնասազերծուած են: Ռոտրիկեզի խօսքով՝ Վենեզուելայի նախագահը վերադարձած է բնականոն աշխատանքին:
Մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ պայթիւնը որոտացած է շաբաթ օրը՝ Օգոստոս 4-ին: Երկրի գլխաւոր դատախազը կատարուածը որակած է ահաբեկչութիւն: Վենեզուելական «Ֆլանելէ զինուորներ» (Soldados de Franelas) զինուած խմբաւորումը ստանձնած է Մատուրոյի դէմ իրագործուած մահափորձի պատասխանատուութիւնը: Այդ մասին խմբաւորումը յայտնած է թուիթըրի էջին վրայ: