Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Լիբանանի Պաշտօնատարները Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Սկսին Կազմակերպել Գաղթականներու Տունդարձը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Լիբանանի պաշտօնատար անձինք յառաջիկայ շաբաթ պիտի մեկնարկեն գաղթականներու տունդարձը ի կատար ածելու գծով նախապատրաստական աշխատանքները: Այս մասին ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ ըսաւ ռուսական հարցերով վարչապետի պաշտօնակատարի խորհրդատուն:
ԱԱԳ-ի փոխանցմամբ՝ Ժորժ Շաապան յայտնեց, որ գաղթականներու տունդարձը պիտի իրականանայ ռուսական պաշտօնատարներու հետ համագործակցաբար. բան մը, որուն շուրջ անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ պայմանաւորուածութեան ձեռքբերումը:
ԱՄՆ-ռուսական անվտանգութեան երաշխիքներով Շաապան բացառեց գաղթականներու վերադարձի ծրագիրը խոչընդոտող ազդակներու հնարաւորութիւնը:
Լիբանան, ինչպէս նախատեսուած է, տունդարձի գործընթացը կազմակերպելու նպատակով համատեղ յանձնաժողով պիտի կազմէ Ռուսիոյ հետ, ուր գլխաւոր անվտանգութիւնը առանցքային դեր պիտի խաղայ լիբանանեան կողմի համակարգումի գծով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին