Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային երեսփոխանական ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 3 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի, ազգային երեսփոխաններուն, ազգային վարչութեան անդամներուն, կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:
Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք, ժողովը ընտրեց իր դիւանը, որուն մաս կը կազմեն Գառնիկ Մկրտիչեան, Կարօ Սալխանեան, Վիգի Գարագաշեան եւ Արազ Գոճայեան։
Ապա Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան ընթերցեց ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան կապակցաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի նամակը, որուն մէջ նշուած է. «Լիբանանի Հայոց թեմը սփիւռքի հայութեան կարեւորագոյն թեմերէն մէկն է իր բազմակողմանի աշխատանքներով։ Մեր հայրական թելադրութիւնն է ձեզի առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայել ծուխերու վերակազմակերպման, որպէս հիմքը թեմական կեանքին, կրթական մարզին, որ պէտք է միշտ մնայ առանցքային կարեւորութիւն ներկայացնող բնագաւառ, մեր երիտասարդութեան, որուն պէտք է լայն կարելիութիւն ու քաջալերանք տրուի՝ մեր կառոյցներու եւ ընդհանրապէս մեր գաղութի կեանքէն ներս իրենց յանձնառու մասնակցութիւնը բերելու»։
Այնուհետեւ ազգային երեսփոխանները քննութեան առարկայ դարձուցին թեմը յուզող բազմաբնոյթ հարցեր եւ ներկայացուցին շարք մը առաջարկներ:
Ապա առաջնորդ սրբազանը իր գրաւոր խօսքը ժողովականներուն փոխանցելով ըսաւ.«Շուրջ հինգ տարի առաջ Լիբանանի Հայոց թեմէն ներս ստանձնեցի պատուարժան ազգային երեսփոխանական ժողովիդ ընտրութեամբ ինծի վստահուած թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը, զոր փորձեցի վարել պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Այժմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թոյլտուութեամբ, աշխատանքի առիթը ուրիշին փոխանցելու պատրաստակամութեամբ կու գամ պաշտօնապէս հրաժարականս ներկայացնելու պատուարժան ազգային երեսփոխանական ժողովիդ՝ խնդրելով, որ դրականօրէն ընկալէք որոշումս եւ առիթ ընծայէք, որ շուտով նոր առաջնորդի մը ընտրութեամբ նոր ոգեւորութիւն ու աշխատանքային աւելի խանդավառ փուլ մը մեկնարկէ Լիբանանի Հայոց թեմի կեանքէն ներս»։
Ժողովը դրուատիքով անդրադարձաւ սրբազան հօր առաջնորդական հնգամեայ պաշտօնավարութեան եւ անսալով վեհափառ հայրապետի յանձնարարութեան՝ առաջարկեց, որ մինչեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւն սրբազան հայրը շարունակէ ազգային վարչութեան ու կրօնական ժողովին հետ բնական ձեւով վարել թեմական աշխատանքները։ Ժողովականները մաղթեցին, որ սրբազան հայրը իր յառաջիկայ պատասխանատուութիւններուն մէջ եւս արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ։
Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի գումարուի Լիբանանի Հայոց թեմի խառն ժողովը, որ, համաձայն թեմի կանոնագրութեան նախատեսութիւններուն, նոր առաջնորդի ընտրութեան համար պիտի ճշդէ թուական եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետէն խնդրէ ընտրելի թեկնածուներու անուանացանկ։
Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր պահպանիչով: