Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Ֆրանսայի Մէջ Տուգանք Սահմանած Են Կանանց Նկատմամբ Անպարկեշտութիւններու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Ֆրանսայի խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է կանանց նկատմամբ անվայել վարմունքի համար տուգանքի սահմանման օրէնքին: Օգոստոս 2-ին այս մասին «Europe1» ռատիօկայանի եթերին յայտնած է տղամարդկանց եւ կանանց հաւասարութեան հարցերու պետական քարտուղար Մառլեն Շիաբան, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը:

Իր խօսքով՝ նոր օրէնքին համապատասխան՝ փողոցը ոտնձգութիւններու համար, այդ կարգին՝ բանաւոր, կը նշանակուի տուգանք 90-750 եւրոյի չափով: «Աւելի կանուխ, փողոցային հետամտումները կը մնային անպատիժ, այս պահէն ամէն ինչ կը փոխուի»,- յայտարարած է Շիաբան: Ինչպէս նշած է տիկին պաշտօնեան, նոր միջոցները հետեւած են ի պատասխան այն միջադէպին, որ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած է Փարիզի մէջ: Այնտեղ երիտասարդ աղջկան հարուածած էին, երբ ան խնդրած էր լռել իր ետեւէն սուլող անցորդին: Օրէնքի հակառակորդները կը կարծեն, թէ սա վերջ կը դնէ աղջիկներու սիրահետման մշակոյթին, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին