Երեւանի Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ, Օգոստոս 2-ին, իր աշխատանքներուն սկսաւ Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի 24 երկրի 120 ներկայացուցիչ:
Համաժողովին ողջոյնի ուղերձ յղեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Բացման խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան:
Վարչապետը իր ուղերձին մէջ կը յայտնէր, որ ինք ուրախ է Հայաստանի մէջ ողջունել ազգային կրթութեան բոլոր պատասխանատուները:
«Արտերկրի իւրաքանչիւր կրթօջախ ջանքեր չի խնայում հայերէնի բանաւոր եւ գրաւոր խօսքը պահպանելու համար: Մեր մշակութային ինքնութեան պահպանումը ազգային անվտանգութեան կարեւոր բաղադրիչներից է եւ այն պահպանելու, զարգացնելու համար անհրաժեշտ է պետական լուրջ քաղաքականութիւն»,- ուղերձին մէջ կը շեշտէր վարչապետը:
Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ Սփիւռքի հետ կրթական առընչութիւնները Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան կարեւոր բաղադրիչներէն են:
«Կրթութեան դաշտում վերարտադրւում եւ ձեւաւորւում են արժէքներ, որոնք լինելու են հայի վաղուայ օրուայ քաղաքական եւ մշակութային օրակարգի հիմքում», նշեց նախարարը՝ աւելցնելով, որ երկամեայ պարբերականութեամբ Հայաստանի մէջ գումարուող խորհրդաժողովներուն նպատակն է քննարկել արտերկրի հայկական կրթօջախներու հիմնահարցերը, յստակացնել կրթութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները:
Ըստ նախարարին՝ խորհրդաժողովի քառօրեայ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք մշակուած բանաձեւը պէտք է արտացոլէ այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնց իրագործումով կարելի պիտի ըլլայ լուծել Սփիւռքի կրթութեան ոլորտի դիմագրաւած հիմնահարցերը եւ ստեղծել կայուն համագործակցութեան միջավայր:
«Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը անցնում է մեզ համար շատ կարեւոր՝ արժէքների վերաիմաստաւորման եւ թաւշեայ յեղափոխութեան փուլում: Ընդ որում, յեղափոխութիւնը դեռ չի աւարտուել, որովհետեւ մենք դեռ անելու շատ գործ ունենք: Տարբեր ոլորտներում, այդ թւում՝ նաեւ կրթութեան համակարգում կան իներցիաներ (նախկինէն մնացած թուլութիւններ, սովորութիւններ-Խմբ.), որոնցից մենք պէտք է դուրս գանք: Սփիւռքի հետ փոխյարաբերութիւններում, յատկապէս կրթութեանն առնչուող հարցերում, մենք պէտք է նոր օրակարգ ձեւաւորենք՝ նաեւ այս խորհրդաժողովի արդիւնքներից ելնելով: Խնդիրները բազմազան են՝ սկսած դասաւանդման մեթոդներից ու նոր ծրագրերից մինչեւ արեւմտահայերէնի խնդիր: Վստահ եմ, որ աշխատանքային կարգով կարող ենք քննարկել բոլոր հարցերը եւ գտնել լուծման արդիւնաւէտ ուղիներ»,- յայտարարեց նախարար Յարութիւնեան:
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող որեւէ իրադարձութիւն ուղղակիօրէն կ՛անդրադառնայ Արցախի վրայ: «Հետեւաբար, իւրաքանչիւր խօսք պէտք է մեծ պատասխանատուութեամբ արտաբերել, յիշելով, որ թշնամու նշանառութեան տակ են գտնւում Արցախի երեխաները: Արցախի դպրոցներում սովորողները պէտք է ունենան համոզմունք, որ երբեւէ առուծախի առարկայ չի դառնայ այն հողը, որի վրայ իրենք ապրում են»,- նշեց նախարար Աղաբալեան:
Նշենք, որ Համահայկական կրթական 8րդ խորհրդաժողովի աշխատանքները կ՛աւարտին 6 Օգոստոսին: Խորհրդաժողովի աշխատանքները կ՛ընթանան լիագումար նիստերու եւ բաց քննարկումներու ձեւաչափով:
Խորհրդաժողովի օրակարգով պիտի քննարկուին Սփիւռքի ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներու մէջ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման հիմնահարցերը:
«Եռագոյն»