«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Առնուազն 20 մարդ զոհուած է Աֆղանիստանի արեւելքի մզկիթներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Օգոստոս 3-ին յայտնած է «Ariana» հեռուստաալիքը: Միջադէպը տեղի ունեցած է Փաքթիայի նահանգի Կարտեզ քաղաքին մէջ:
«Pajhwok» գործակալութեան տեղեկատուութեամբ՝ առնուազն 40 մարդ տարբեր աստիճանի ծանրութեան վէրքեր ստացած է: Գործակալութիւնը կը նշէ, որ մզկիթին վրայ գրոհած են երկու մահապարտ ահաբեկիչներ: Տեղի իշխանութիւնները հաստատած են պայթիւնի փաստը: Տեղի ունեցածի մանրամասնութիւնները կը ճշդուին, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը: