Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Փաշինեանի Պաշտօնավարման 100-րդ Օրը` Հանրահաւաք Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 17-ին` ժամը 18:30-ին, մեծ հանրահաւաքի կը հրաւիրէ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ` ամփոփելու իր պաշտօնավարման 100 օրը: Այս մասին Փաշինեան ըսաւ Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերով` Օգոստոս 1-ի առաւօտեան:

«Չեմ գիտեր դուք ինչ, բայց ես Ձեզի շատ կարօտցած եմ, կ’ուզեմ, որ նորէն շփուելու հնարաւորութիւն ունենանք: Եւ երկրորդ, կը կարծեմ պէտք է կարեւոր խօսակցութիւն ունենալ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ինչ տեղի ունեցած է վերջին 100 օրուան ընթացքին եւ ինչ տեղի պիտի ունենայ յետոյ: Ինչ քայլերու ձեռնարկած է կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ թռիչքաձեւ զարգացում ապահովելու համար, եւ յստակ ինչ քայլերով յառաջիկային մենք կը պատրաստուինք այդ զարգացումը ապահովելու, ինչ հնարաւորութիւններ կան, ինչ մարտահրաւէրներ կան, եւ ինչպէս մենք պիտի կարենանք այդ ամէնուն հետ գործ ունենալ, հնարաւորութիւնները օգտագործել, մարտահրաւէրները կառավարել: Եւ ընդհանրապէս` խօսիլ այսօրուան, երէկուան եւ վաղուան Հայաստանի մասին»,- ըսաւ ան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին