Երեւանի մէջ կայանալիք գագաթաժողովին ընդառաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միկայէլ Ժանի հետ։
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան (OIF) եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր։ Ընդգծելով այդ յարաբերութիւններու բազմաթիւ առումներով առանձնայատուկ որակը՝ Ֆրանքոֆոնի գլխաւոր քարտուղարը եւ վարչապետը մանրամասն քննարկած են Հոկտեմբեր 11-12-ին Երեւանի մէջ կայնալիք պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։
ՀՀ վարչապետը ՖՄԿ գլխաւոր քարտուղարի հետ քննարկած է նաեւ վերջինիս՝ Սեպտեմբեր 10-13 Երեւան կատարելիք պաշտօնական այցի ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս տիկին Միկայէլ Ժանը պիտի մասնակցի ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւններու 11-րդ խորհրդաժողովին: