Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հայ-թրքական Սահմանին Վրայ Թուրքիոյ Քաղաքացի Մը Ձերբակալուած է

Հայաստանի մէջ, Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցներուն կողմէ, ձերբակալուած է հայ-թրքական սահմանը խախտած Թուրքիոյ քաղաքացի մը:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան լրատուական ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ ռուս սահմանապահները Թուրքիոյ քաղաքացին ձերբակալած են Գիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեսամասին վրայ՝ ճարտարագիտական միջոցները յաղթահարելու փորձին ժամանակ:

Իրականացուող ստուգիչ քայլերուն ընթացքին՝ սահմանախախտին մօտ յայտնաբերուած է բջիջային հեռախօս, որուն մէջ առկայ եղած են պետական սահմանի ճարտարագիտական կառոյցներու եւ պատնէշներու լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր:

Օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով՝ սահմանախախտը փոխանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն: Ներկայիս կ՝իրականացուին անհրաժեշտ աշխատանքներ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին