«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման յայտարարած է, որ Օգոստոս 2-էն երկիրը կը դադրեցնէ վառելիքի ու կազի մատակարարումը Կազայի հատուածին, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը:
Իր տարածած յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ այդ քայլին ձեռնարկուած է հրկիզիչ նիւթերով օդապարիկներու օգնութեամբ Իսրայէլի տարածքին հրկիզումներ իրականացնելու շարունակուող փորձերու պատճառով, զորս կ’արձակուին Կազայի հատուածէն:
«Որոշումը ընդունուած է հրկիզիչ խառնուրդներով օդապարիկներու միջոցով շարունակուող ահաբեկչութեան եւ սահմանին տեղի ունեցող բախումներու կապակցութեամբ»,- յայտարարած է նախարարը:
Լրատուամիջոցներու մեկնաբանութիւններուն մէջ կը նշուի, որ ուժանիւթի մատակարարումներու դադրեցումը կրնայ լրջօրէն հարուածել Կազայի հատուածի բնակչութեան, որ արդէն վառելիքի պակաս ունի, այդ կարգին՝ կենսապահովման միջոցներու եւ հիւանդանոցներու աշխատանքի ապահովման համար, հաղորդած է «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը: