Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Թեթեւ Արդիւնաբերութեան Ոլորտի Զարգացումը Խթանելու Համար Պէտք Է Միջոցներու Ձեռնարկենք. Նիկոլ Փաշինեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստին, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, գործադիրի որոշումով ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս «Լենտեքս» ՍՊԸ-ն կ’օգտուի աւելցուած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը երեք տարիով յետաձգելու արտօնութենէն: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ  կատարել 1.98 միլիառ ՀՀ դրամի  ներդրում՝ բարձրորակ հումք ձեռք բերելու նպատակով: «Լենտեքս»-ը կ’արտադրէ բարձր որակի գործուածքի կտաւներ՝ հագուստեղէն կարելու համար, որուն արդիւնքով կը ստեղծուի 60 նոր աշխատատեղի` 80 հազար ՀՀ դրամ միջին աշխատավարձով: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ԱԱՀ-ի գումարներու երեք տարի ժամկէտով յետաձգման արտօնութենէն կ’օգտուի նաեւ «Հելլօ» ՍՊԸ-ն. կառավարութիւնը ընդունած է համապատասխան որոշում: Ընկերութիւնը մտադիր է գործուածքի արտադրութեան ոլորտին մէջ կատարել 370.8 մլն ՀՀ դրամի ներդրում, որուն արդիւնքով մինչեւ 2021 թուականը կը ստեղծուի 30 նոր աշխատատեղի՝ 106 հազար ՀՀ դրամ միջին աշխատավարձով: Ներկայիս ընկերութեան մէջ կ’աշխատի 105 մարդ: 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ չնայած ընկերութիւններուն նման արտօնութիւններ տրամադրելու քաղաքականութիւնը հասկնալի է, բայց ամէն անգամ որոշ հարցադրումներ կ’ըլլան անոնց տրամադրման հիմնաւորումներուն շուրջ: «Նախորդ նիստին պարզաբանեցինք, որ որոշակի սանդղակներ են գործում, սակայն հնչում են հարցեր, թէ որքանո՛վ օբյեկտիւ դրանք: Ընդհանուր առմամբ, ամենակարեւոր խնդիրը, որ պէտք է լուծենք, նոր աշխատատեղերու ստեղծումն է, ոլորտի զարգացումը: Առաջիկայում այդ թեմայով աւելի մանրամասն քննարկում կ’ունենանք, թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացումը խթանելու համար պէտք է միջոցներ ձեռնարկենք»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ ընկերութիւններուն արտօնութիւններ տրամադրելու գործընթացը պէտք է կազմակերպուի չափազանց թափանցիկ, որպէսզի չխաթարուի վստահութեան մթնոլորտը որեւէ գործընթացի նկատմամբ:

Կառավարութեան որոշումներով՝ Հոկտեմբեր 21-ին տեղի կ’ունենան ՀՀ Արմաւիրի մարզի Արմաւիրի, Վաղարշապատի (Էջմիածին), ՀՀ Արարատի մարզի Լուսաշողի համայնքներու ղեկավարներու արտահերթ ընտրութիւններ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին