«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պատրաստակամութիւն յայտնած է վերականգնելու Թուրքիոյ մէջ մահապատիժը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այդ մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Թուրքիոյ առաջնորդը յայտարարած է նման պատրաստակամութեան մասին այն նախապայմանով, որ համապատասխան օրինագիծը կ’ընդունուի խորհրդարանին մէջ: