Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Գիւմրիի Մէջ Հիւսուածեղէնի Արտադրութեան Ոլորտին Մէջ 60 Նոր Աշխատատեղ Պիտի Ստեղծուի

ՀՀ կառավարութեան որոշումով՝ ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Գիւմրիի մէջ գործող «Լէնտեքս» ՍՊԸ-ն պիտի օգտուի աւելցուած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը երեք տարիով յետաձգելու արտօնութենէն:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանի խօսքով՝ ընկերութիւնը կը նախատեսէ կատարել 1.98 միլիառ դրամի ներդրում՝ բարձրորակ հումք ձեռք բերելու նպատակով: «Լէնտեքս»-ը պիտի արտադրէ բարձր որակի հիւսուածեղէն՝ հագուստեղէն կարելու համար։ Իբրեւ արդիւնք՝ պիտի ստեղծուի 60 նոր աշխատատեղ` 80 հազար դրամ միջին աշխատավարձով»,- ըսած է նախարարը՝ նշելով, որ այս պահուն ընկերութիւնը ունի 396 աշխատող:

Ըստ նախարարի՝ «Լէնտեքս»-ը ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն ընթացքին ունեցած է 960 միլիոն դրամի արտադրանք, որմէ արտահանումը կազմած է 50 տոկոս:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին