Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցած է պետական այցով Հայաստան ժամանած Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերժիօ Մաթարելայի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: