*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Քարին Տակը Կը Դառնայ Արցախի Առաջին Արեւային Գիւղը
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորումով՝ այս տարի Քարին տակ գիւղի բոլոր առանձնատուները, ինչպէս նաեւ հասարակական նշանակութեան որոշ շէնքեր կ’ապահովուին արեւային ջրաջեռացուցիչներով: Բացի լուրջ խնայողութենէ, սա նաեւ Արցախի մէջ նոր մշակոյթ պիտի ըլլայ: Ի միջի այլոց, այլընտրանքային ուժանիւթի օգտագործման շուրջ քննարկումները աւելի կանուխ սկսած էին: Յուլիսի կէսերէն գործնական աշխատանքները մեկնարկեցին: Փորձնական փուլը պիտի ընդգրկէ Շուշիի եւ Ասկերանի շրջանները:
Քարին տակը կը դառնայ Արցախի առաջին արեւային գիւղը: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ֆինանսաւորումով արեւային ջրաջեռացուցիչներու տեղադրումը արդէն մեկնարկած է: «Նախատեսուած է 130 բնակարաններու եւ մանկապարտէզի մէջ տեղադրել ջրաջեռացուցիչներ: Յուլիս 26-ի դրութեամբ 22 ջրաջեռացուցիչ տեղադրուած է»,- կը մանրամասնէ Քարին տակի համայնքի ղեկավար Մխիթար Առուշանեանը: «Ընդհանուր առմամբ, Քարին տակ գիւղին մէջ թիւով 135 ջրաջեռացուցիչ պիտի տեղադրուի: Ծրագիրը կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ Նոյեմբեր»,- աշխատանքներու ժամանակացոյցը կը յստակացնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ճարտարագէտ Հայկ Խուտավերդեանը:
Հետեւաբար, արեւային ջրաջեռացուցիչներով ապահովուած կ’ըլլան Քարին տակ գիւղի բոլոր առանձնատուները: Տեղադրման աշխատանքները Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանի վարպետներն ու աշկերտները կ’իրականացնեն: Ուսումնարանի բաժիններէն մէկը վերականգնուող ուժանիւթի մասնագէտներ կը պատրաստէ: Ֆրանսայէն ժամանած մասնագէտները Եզնիկ Մոզեան ուսումնարանի աշկերտներուն հետ ուսումնարանի ելեկտրականութեան արտադրութեան կայաններու ցանցը կ’ընդլայնեն, գիտելիքները գործնականօրէն կ’ամրապնդեն: Տեսական մասը աշկերտները աւելի կանուխ ուսումնասիրած, իւրացուցած են: Աշկերտներու աւելի մեծ խումբ Քարին տակի մէջ կ’աշխատէ: Յուլիս կէսերէն մեկնարկած է արեւային ջրաջեռացուցիչներու տեղադրման ծրագիրը: «12 աշկերտ ընդգրկուած են՝ երկու հերթափոխով: Երկու շաբաթը մէկ 6-ական աշկերտ մէկը միւսին փոխարինելով կ’աշխատին: Ոմանք արդէն կը յաջողին ինքնուրոյն տեղադրել, ոմանք դեռ փորձուսուցման մէջ են»,- աշխատանքներու ընթացքին մասին կը պատմէ Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանի տնօրէն Վասպուրակ Կարապետեանը:
Քարին տակի մէջ 100-300 լիթր տարողութեամբ ջրաջեռացուցիչներ կը տեղադրուին՝ կախուած տուեալ առանձնատան բնակիչներու թիւէն: Գարնան, ամրան եւ աշնան ջրաջեռացուցիչները տաք ջուրի համար պահանջուող ծախսերէն կ’ազատեն շահառուները: Ձմրան ամիսներուն ալ անգործ չեն մնար՝ քարինտակցիներուն տաք ջուր մատակարարելով անհամեմատ քիչ ծախսելով ելեկտրականութեան:
Ծրագիրի իրականացման համար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆրանսայի տեղական մարմինը 400 հազար եւրօ յատկացուցած է: Քարին տակը Արցախի միակ արեւային գիւղը պիտի մնայ. Ֆրանսայի տեղական մարմինը, ամենայն հաւանականութեամբ, արեւային ուժանիւթի կիրարկման ծրագիրները կը ֆինանսաւորէ նաեւ 2019-ին: «Դեռ ստոյգ որոշում չկայ, բայց, ամենայն հաւանականութեամբ, ծրագրի ֆինանսաւորումը կը շարուակենք նաեւ հետագայ տարիներուն,- կը նշէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆրանսայի տեղական մարմինի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Հեքիմեանը:- Նպատակը արեւային ուժանիւթի կիրարկումը Արցախի ողջ տարածքին տարածելն է»:
Քարին տակին զուգահեռ՝ ջրաջեռացուցիչներ եւ ելեկտրականութեան արտադրութեան կայաններ կը տեղադրուին յատկապէս Շուշիի եւ Ասկերանի հանրային նշանակութեան շինութիւններուն մէջ:
Թեման քննարկուած է նաեւ Արցախի կառավարութեան մէջ: Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը Յուլիս 26-ին ընդունած է շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանի տնօրէն Վասպուրակ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումի հիմնական թեման եղած է Արցախի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան վահանակներու հետագայ ծաւալումն ու զարգացումը: Արձանագրելով վերականգնուող ուժանիւթի այդ տեսակի ընկերա-մարդասիրական եւ բնապահպանական կարեւորութիւնը՝ պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը հաւաստիացուցած է, որ արցախեան իշխանութիւնները այսուհետեւ նոյնպէս պատրաստ են շարունակելու ոլորտի զարգացումը մասնաւոր գործընկերներու հետ: Քննարկումի մասնակիցները կարեւորած են արեւային ուժանիւթի սպառողներու հոսանքահաշուիչ համակարգերու առանձնացումը մայր ցանցէն եւ հաշուարկային յստակ սարքաւորումներու կիրարկումը: Դրական ընդունելով այս առաջարկը՝ պետական նախարարը հիւրերուն տեղեկացուցած է, որ իշխանութիւնները կը նախատեսեն արդէն այս աշնան օրէնսդրական նորամուծութիւններ իրականացնել, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան օրինակով թոյլ կու տան արեւային ինքնավար կայաններ ունեցող մենատնտես քաղաքացիներուն ելեկտրականութեան աւելցուկը վաճառել «Արցախէներգօ» ընկերութեան: Արցախի պետական նախարարը առաջարկած է ապագային արեւային ուժանիւթի զարգացման տեսանկիւնէն ուշադրութեան կեդրոնին պահել նաեւ Շահումեանի շրջանը:
Ստեփանակերտ