Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Արծրուն Յովհաննիսեանը Մանրամասնութիւններ Ներկայացուցած Է Վրաստանի Մէջ Կայանալիք Զօրավարժութենէն, Որոնց Պիտի Մասնակցի Նաեւ Հայաստանը

Օգոստոս 1-էն 15 Վրաստանի մէջ կայանալիք «Վեհանձն գործընկեր – 2018» (Noble Partner – 2018) զօրավարժութեան հրաւիրուած են մասնակցելու ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրները հրամանատարակազմի սպաներով կամ ստորաբաժանումներով, սակայն յայտնենք, որ անիկա ՆԱԹՕ-ի կողմէ չի կազմակերպուիր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը:

«Զօրավարժութեան կը մասնակցի ՀՀ ԶՈՒ 4 սպաներէ բաղկացած խումբը: ՀՀ ԶՈՒ սպաները կը զբաղեցնեն տարբեր պաշտօններ զօրավարժութեան հրամանատարակազմին մէջ: Ընտրուած են միջազգային խաղաղութեան եւ կայունութեան առաքելութիւններու մէջ ՀՀ ստորաբաժանումներու կողմէ կատարուող խնդիրներուն առնչուող պաշտօններ:

Զօրավարժութիւնը տեղի պիտի ունենայ համատեղ Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու եւ Վրաստանի զինուած ուժերու կողմէ Վրաստանի Վազիանի եւ Նորիօ ուսումնական կեդրոններուն մէջ: Զօրավարժութիւնը չի կազմակերպուիր ՆԱԹՕ-ի կողմէ: Անոր հրաւիրուած են մասնակցելու ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրները հրամանատարակազմի սպաներով կամ ստորաբաժանումներով:

Զօրավարժութեան ՀՀ ԶՈՒ ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրաւէրով:

2017-ին նոյն զօրավարժութեան ՀՀ զինուած ուժերէն մասնակցած է 40 հոգինոց անձնակազմ ունեցող դաշտային զինուորական հիւանդանոցը: 2018 թուականին ԱՄՆ աջակցութեամբ ձեռքբերուած եւ պատրաստուող դաշտային զինուորական հիւանդանոցի մասնակցութիւնը «Վեհանձն գործընկեր – 2018» զօրավարժութեան անհնար է, քանի որ հիւանդանոցը Յուլիս 22-էն 27 ՀՀ ներգրաւուած եղած է միջազգային գնահատման զօրավարժութիւններու մէջ, եւ մի քանի օրերու ընթացքին անոր՝ այլ վայր վերատեղակայումը կարելի չէ: ՀՀ ԶՈՒ ներկայացուցիչներու մասնակցութեան ձեւաչափը եւ մասնակցութեան պայմանները համաձայնեցուած են վրացի գործընկերներու հետ Յունիսի սկիզբը տեղի ունեցած զօրավարժութեան ծրագրաւորման համաժողովի ընթացքին»,- գրած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին